image
Հրատապ լուրեր:

ԱՄՆ ԱԳ նախարարի տեղակալ Հելպըրկ եւս պիտի այցելէ Հայաստան Վենսի հետ

ԱՄՆ ԱԳ նախարարի տեղակալ Հելպըրկ եւս պիտի այցելէ Հայաստան Վենսի հետ

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի տնտեսական հարցերով տեղակալ Ճեյքոպ Հելպըրկ եւս ԱՄՆ փոխնախագահ Ճէյ Տի Վենսի հետ միասին պիտի այցելելէ Հայաստան եւ Ատրպէյճան փետրուար 9-11-ը, Ազատութեան հաղորդմամբ, յայտնած է Արտաքին գործոց նախարարութիւնը:

Նշուած է, որ անոր այցը Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի նպաստէ նախագահ Թրամփի խաղաղ ջանքերուն եւ TRIPP-ի («Թրամփի ուղի՝ յանուն միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման») առաջխաղացման:

Փոխնախագահ Վենսը Հայաստան եւ Ատրպէյճան պիտի այցելէ ամրապնդելու ԱՄՆ-ի միջնորդութեամբ ձեռք բերուած խաղաղութեան համաձայնագիրը եւ առաջ մղելու «Թրամփի երթուղին»: