image
Հրատապ լուրեր:

Ատրպէյճանի օրինակով կը ցուցադրուի պատերազմէն խաղաղութեան անցման մոտելը. Ալիեւը՝ Իրանի պաշտպանութեան նախարարին

Ատրպէյճանի օրինակով կը ցուցադրուի պատերազմէն խաղաղութեան անցման մոտելը. Ալիեւը՝ Իրանի պաշտպանութեան նախարարին

 

Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը փետրուար 6-ին ընդունած է Իրանի պաշտպանութեան եւ զինուած ուժերու աջակցման նախարար, զօրավար Ազիզ Նասիրզատէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։

Ինչպէս կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները, Ալիեւ ընդգծած է, որ Իրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի պաշտօնական այցելութիւնը Ատրպէյճան անցեալ տարուան ընթացքին յաջող ընթացք ունեցած է եւ լաւ արդիւնքներ արձանագրուած են, որմէ ետք երկկողմ յարաբերութիւնները շարունակած են զարգանալ։

Ալիեւ նշած է, որ ներկայիս աշխարհի բազմաթիւ շրջաններու մէջ կը շարունակուին պատերազմներն ու հակամարտութիւնները, եւ յայտարարած է, թէ «Ատրպէյճանի նախաձեռնութեամբ Հարաւային Կովկասի մէջ արդէն խաղաղութիւն հաստատուած է»։

Ան վստահութիւն յայտնած է, որ ասիկա նշանակութիւն ունի նաեւ Իրանի համար, որ սահմանակից է թէ՛ Ատրպէյճանին, թէ՛ Հայաստանին։

Ալիեւ նաեւ յայտարարած է, որ Պաքուն կը կանգնի համաշխարհային խաղաղութեան եւ պատերազմներու բացակայութեան կողմը՝ շեշտելով, թէ «Ատրպէյճանի օրինակով կը ցուցադրուի պատերազմէն խաղաղութեան անցումի մոտելը»։

Ալիեւ յիշեցուցած է, որ Իրանի նախագահի հետ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին նշած է, որ Ատրպէյճանը մտահոգ է շրջանին մէջ տիրող իրավիճակով եւ պատրաստ է աջակցելու լարուածութեան թուլացման։