image
Հրատապ լուրեր:

Նախագահներ եւ իրենց նմանակները Բ.

Նախագահներ եւ իրենց նմանակները Բ.

Պայտըն Եւ Պայտըն

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն եւս ունի նմանակ  մը` դերասան Քեւին Տալթոն: Քեւինի եւ նախագահ Պայտընի նմանութիւնները ապշեցուցիչ են:

– Ե՛ւ Քեւին, ե՛ւ նախագահ Պայտըն հիւսիսարեւելեան իրլանտացի ամերիկացիներ են:

– Երկուքն ալ կու գան աշխատաւոր դասակարգի ընտանիքներէ, որոնք կը հաւատային Դեմոկրատական կուսակցութեան սկզբունքներուն:

– Երկուքն ալ ունին ամերիկեան հիւսիսարեւելեան առոգանութիւնը:

– Ե՛ւ Քեւին, ե՛ւ նախագահ Պայտըն իրլանտացի կաթողիկէ են:

– Երկուքն ալ ծնած են քաղաքային միջավայրի մէջ, նախագահ Պայտըն` Փենսիլվանիա, Քեւին` Նիւ Եորք:

– Երկուքն ալ յաճախած են կաթողիկէ դպրոց եւ համալսարան:

Քեւին Տալթոն Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է.

«Բարե՛ւ, ինծի ըսին, որ կը նմանիմ Ճօ Պայտընին: Զիս յաճախ կը կանգնեցնեն փողոցին մէջ եւ սելֆի կը խնդրեն: Այս բոլորէն ետք, ես շատ մտածած եմ Ճօ Պայտընի հետ իմ նմանութիւնս դրամ շահելու միջոցի վերածելու մասին: Ես ստեղծած եմ կայք. joebidenlookalike.com.»:

 

Զելենսքի Եւ Զելենսքի

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին համաշխարհային համբաւ շահեցաւ, երբ  Ռուսիա զինուորական գործողութիւն շղթայազերծեց Ուքրանիոյ մէջ:

Այժմ հազարաւոր համակիրներ կ՛ըսեն, որ  44-ամեայ քաղաքական գործիչին մասին շարժանկար պէտք է նկարահանել Հոլիվուտի մէջ, եւ կոչ կ՛ուղղեն, որ գլխաւոր դերը ստանձնէ  51-ամեայ դերասան Ճերեմի Ռեններ:

«Բոլորին համար ակներեւ չէ՞, որ Ճերեմի Ռեններ Զելենսքիի դերակատարման միակ տրամաբանական տարբերակն է այն կենսագրական ժապաւէններուն մէջ, որոնք գրեթէ անկասկած արդէն կը պատրաստեն», գրած է համակիր մը X-ի մէջ` հրապարակելով Ռենների եւ Զելենսքիի նկարները:

Իսկապէս Զելենսքին եւ Ռենները ապշեցուցիչ նմանութիւններ ունին: Անոնք երկուքն ալ ունին 170 սմ հասակ, խոր աչքեր, շագանակագոյն կարճ մազեր եւ ծնօտի գրեթէ նոյն գիծ:

Ռեններ նախապէս մարմնաւորած է պատերազմի հերոս մը «The Hurt Locker» շարժանկարին մէջ:

Հասարակական ցանցերուն մէջ բազմաթիւ համակիրներ այդ ժապաւէնէն դերասանի սքրինշոթները տեղադրած են Զելենսքիի լուսանկարներով, փողոց ելած` Քիեւը պաշտպանելու:

 

Մերքել Եւ Մերքել

Գերմանական թատրոնի աստղ Իմոկեն Քոկեն 2022-ին մարմնաւորեց աշխարհի ամէնէն հզօր կինը` Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը, պատկերասփիւռային շարժապատկերի մը մէջ:

Շտեֆան Վակների բեմադրած շարժապատկերը` Die Getriebenen (The Driven) հիմնուած է գերմանացի լրագրող Ռոպին Ալեքսանտրի պեսթսելլերին վրայ եւ կը հետեւի Մերքելի կեանքի ամէնէն կոթողային որոշման:

Երբ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմէն փախած միլիոնաւոր գաղթականներ սկսան լեցուիլ Եւրոպա, Գերմանիոյ վարչապետը, որ յայտնի է քաղաքականութեան հանդէպ իր զգուշաւոր եւ վերլուծական մօտեցումով, կտրուկ եւ արեւմտեան մեծ առաջնորդներու մէջ եզակի որոշում տուաւ` բանալ իր երկրի սահմանները:

Հակառակ անոր որ շատերը կը դրուատէին զայն ճգնաժամի ժամանակ անոր բարոյական դիրքորոշման համար, այդ քայլը նոյնպէս ուժեղացուց ծայրայեղ աջերը Գերմանիոյ մէջ եւ քաղաքականապէս վնասեց Մերքելին:

 

Քենետի Եւ Քենետի

Ամերիկացի կատակերգակ, գրող եւ դերասան Քոլին Ճոսթ ծնած է Միացեալ Նահանգներու  նախագահ Ճոն Քենետիի սպանութենէն շուրջ քսան տարի ետք:

Երբ ան սկսաւ հռչակ շահիլ, ոմանք ըսին, որ դիմագիծով շատ նման է Ճոն Քենետիին, մինչ Քենետին չսիրողները հասարակական ցանցերուն մէջ գրեցին, որ իրենք ոչ մէկ նմանութիւն կը տեսնեն:

Այս հրապարակումները Քոլին Ճոսթիի յաւելեալ հռչակ տուին:

 

Ստալին Եւ Ստալին

Կ՛ըսուի, թէ նմանակներէ օգտուող առաջնորդներէն եղած են Խորհրդային Միութեան ղեկավարները, որոնց շարքին` Ստալին: Ան նոյնիսկ իր շուրջիններէն կասկածած է եւ ապահովական խիստ միջոցներ որդեգրած է:

Ստալինի նմանակը` «Ռաշիտ», մահացած է 1991 թուականին, 93 տարեկանին:

2008 թուականին յայտնուեցաւ Ստալինի այլ նմանակ մը` Ֆելիքս Տատայեւ, որ գիրք հրատարակած է իր արկածներու մասին` որպէս քաղաքական խարդախութիւն:

Փութինի կառավարութիւնը արտօնած է Տատայեւին` պատմել իր պատմութիւնը 88 տարեկանին: Ան նկարահանուած է 2014 թուականին, Ստալինի վերջին օրերու մասին գերմանական պատկերասփիւռի կայանի մը պատրաստած վաւերագրական շարժապատկերին մէջ:

 

Պրեժնեւ Եւ Պրեժնեւ

Ճակատագիրի հեգնանք է, որ Աստուծոյ չհաւատացող, անաստուածութիւն դաւանող Խորհրդային Միութեան ղեկավարներէն Լէոնիտ Պրեժնեւի նմանակը պիտի ըլլար ամերիկացի քարոզիչ Ռ. Ս. Սփրուլ:

 

Մաքրոն Եւ Մաքրոն

Այս պարագային կարելի է ըսել, որ Ֆրանսայի նախագահ Է. Մաքրոն ի՛նք կը նմանի… իր նմանակին:

Պորիս Վիան` ֆրանսացի գրող, բանաստեղծ, երաժիշտ, երգիչ, թարգմանիչ, քննադատ, դերասան, գիւտարար եւ ճարտարագէտ, ծնած է 1920-ին եւ մահացած` 1959-ին:

Անոր վէպերը, Վերնոն Սալիվան կեղծանունով, քրէական գեղարուեստական գրականութեան տարօրինակ երգիծանքներ էին, որոնք խիստ վիճելի էին հրապարակման պահուն` իրենց ոչ աւանդական հայեացքներուն պատճառով:

Վիանի գեղարուեստական այն գործերը, որոնք հրատարակուած են իր իսկական անունով, կ՛առանձնանան խիստ անհատական գրելու ոճով` բազմաթիւ յօրինուած բառերով, նուրբ բառախաղով եւ գերիրապաշտ նիւթերով: Անոր «L՛Écume des jours» վէպը այս գործերէն ամէնէն յայտնին է եւ` անգլերէն թարգմանուած քիչերէն մէկը:

Վիան կարեւոր ազդեցութիւն ունեցաւ ֆրանսական ճազի վրայ: Ան Փարիզի մէջ ծառայեց որպէս Հոակի Քարմայքլի, Տիւք Էլինկթոնի եւ Մայլս Տէյվիսի կապը: Միացեալ Նահանգներու եւ  Ֆրանսայի մէջ հրատարակեց բազմաթիւ յօդուածներ` ճազին առնչուող:

Վիանի ստեղծագործած երաժշտութիւնն ու երգերը մեծ ժողովրդականութիւն վայելած են իր կեանքի ընթացքին, մասնաւորապէս` հակապատերազմեան « Le déserteur » երգը:

 

Պատրաստեց՝ Նարէ Գալեմքէրեան

Նիւթը՝ «Ազդակ»էն