image

Հանրաքուէի հիմքեր ներկայիս չկան. Փաշինեանի արձագանգը՝ ԵԱՏՄ 4 երկիրներու նախագահներու յայտարարութեան

Հանրաքուէի հիմքեր ներկայիս չկան. Փաշինեանի արձագանգը՝ ԵԱՏՄ 4 երկիրներու նախագահներու յայտարարութեան

Հայաստանի Հանրապետութիւնը պիտի շարունակէ աշխատիլ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան (ԵԱՏՄ) կազմին մէջ այնքան ժամանակ, մինչեւ Եւրոմիութեան եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ ընտրութիւն կատարելը դառնայ անխուսափելի։

Յունիս 1-ին տեսաուղերձով այս մասին յայտնած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան՝ ընդգծելով, որ Հայաստանը չէ դիմած պաշտօնապէս Եւրոմիութեան անդամագրուելու համար, հետեւաբար որեւէ հանրաքուէ ընելը անտրամաբանական է։

«Մինչեւ այն պահը, երբ Հայաստանը չի դիմել պաշտօնապէս Եւրամիութեանը անդամագրուելու համար կամ Եւրամիութեան անդամութեան թեկնածուի կարգավիճակին շատ մօտ չէ, որեւէ հանրաքուէ անելն անտրամաբանական է։ Ըստ էութեան հիմնաւորումը չկայ, այսինքն հաւասարակշռութիւնը ձեւաւորուած չի։ Այսօր այդ ընտրութինը տեսական է, եւ տեսական ընտրութիւնը հանրաքուէի դնելը, իհարկէ, այնքան էլ խելամիտ եւ ճիշդ չէ»,- ըսած է վարչապետը։

Մայիս 29-ին Եւրասիական Տնտեսական Բարձրագոյն Խորհուրդի գագաթաժողովին ԵԱՏՄ անդամ չորս պետութիւն՝ Ռուսաստանը, Պելառուսիան, Ղազախստանը եւ Ղրղզստանը համատեղ յայտարարութիւն հրապարակած էին, որով կը կարեւորեն Հայաստանի մէջ հնարաւորինս արագ համազգային հանրաքուէի կայացումը՝ Եւրոմիութեան անդամակցելու կամ Եւրասիական Տնտեսական Միութեան կազմին մէջ մնալու հարցով։

Անդրադառնալով հայ-ռուսական յարաբերութիւններուն՝ Փաշինեան նշած է, որ Երեւանը էականօրէն կը կարեւորէ եւ կը զարգացնէ կապերը Մոսկուայի հետ, իսկ երկկողմ յարաբերութիւնները ներկայիս կը գտնուին կերպափոխման դրական փուլին մէջ:

«Նոր իրադրութեան պայմաններում Ռուսաստանի հետ մենք հաստատում ենք նոր յարաբերութիւններ, եւ ես համոզուած եմ, որ մենք այդ գործում կը յաջողենք»,- յայտնած է կառավարութեան ղեկավարը՝ յաւելելով, որ Ռուսաստանի հետ յարաբերութիւնները բաց են ու անկեղծ, եւ կողմերը «որեւէ մութ անկիւն չեն պահած»։

Ան շեշտած է, որ մինչ այդ պահը հասունանալը, Հայաստանը պիտի շարունակէ «հանգիստ, հանդարտ, առանց ջղայնութեան, առանց վիճաբանութիւններու աշխատիլ Եւրասիական Տնտեսական Միութիւնեան մէջ», ուր տակաւին ներուժ կը տեսնէ: