Ռաիսա Մկրտչեանի մահով հայ երգարուեստը կը կորսնցնէ իր պայծառ եւ ինքնատիպ ձայներէն մէկը։ Անոր անունը պիտի շարունակէ մնալ հայկական էստրատային երգի պատմութեան մէջ՝ իբրեւ բարձր ճաշակի, նուիրումի եւ արուեստի հանդէպ անսակարկ ծառայութեան խորհրդանիշ։
Ըստ հայրենի լրատուամիջոցներու՝ 84 տարեկան հասակին մահացած է ՀՀ ժողովրդական արտիստ, Մովսէս Խորենացիի մետալակիր, «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» Ա. աստիճանի շքանշանակիր Ռաիսա Մկրտչեան։
Ռաիսա Մկրտչեան ծնած էր 25 Փետրուար 1942-ին, Սեւան քաղաքին մէջ։ Ան նախ ուսանած է Երեւանի Ռոմանոս Մելիքեանի անուան երաժշտական ուսումնարանին մէջ, ապա՝ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ։
Ուսման տարիներուն զուգահեռ՝ Ռաիսա Մկրտչեան երգած է երիտասարդական էստրատային նուագախումբերու հետ՝ աստիճանաբար իր տեղը գրաւելով հայկական երգարուեստի բեմին վրայ։ Ան եղած է Առնօ Բաբաջանեանի, Կոնստանտին Օրբելեանի, Ալեքսանտր Աճեմեանի, Բալեանի, Վարդազարեանի եւ այլ անուանի յօրինողներու երգերուն առաջին կատարողներէն։
1968 թուականէն սկսեալ Ռաիսա Մկրտչեան եղած է Հայաստանի հեռատեսիլի եւ ռատիոյի էստրատային-սիմֆոնիկ նուագախումբի մեներգչուհի։ Իր երկարամեայ ստեղծագործական գործունէութեան ընթացքին ան ձայնագրած է աւելի քան 400 երգ, որոնց զգալի մասը մինչեւ այսօր կը պահպանուի Ռատիոյի եւ հեռատեսիլի ձայնադարանի ոսկէ ֆոնտին մէջ։
Բազմաթիւ համերգներով Ռաիսա Մկրտչեան հանդէս եկած է աշխարհի տարբեր քաղաքներու մէջ՝ հայ երգը ներկայացնելով միջազգային բեմերու վրայ։ Անոր ձայնը հնչած է Նիւ Եորքի «Մեթրոփոլիթըն Օփերա» եւ «Քարնեկի Հոլ» սրահներուն մէջ, ինչպէս նաեւ Սիտնիի, Մոնրէալի, Պէյրութի, Պուէնոս Այրէսի եւ այլ քաղաքներու հեղինակաւոր բեմերու վրայ։
2002 թուականէն ան նաեւ դասաւանդած է Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցին մէջ՝ իր հարուստ փորձառութիւնն ու արուեստի հանդէպ նուիրումը փոխանցելով երիտասարդ սերունդին։
Ռաիսա Մկրտչեանի երգացանկին մէջ տեղ գտած են Կոնստանտին Օրբելեանի, Առնօ Բաբաջանեանի, Ռոպերթ Ամիրխանեանի, Ալեքսանտր Աճեմեանի, Ալեքսէյ Հեքիմեանի, Մելիք Մավիսակալեանի, Նիքոլայ Փետրովի, Մուրատ Կաժլաեւի եւ այլ հեղինակներու երգերը։
Իր ստեղծագործական ուղիին ընթացքին Ռաիսա Մկրտչեան արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պետական բարձր պարգեւներու։ 1965 թուականին երաժշտական փառատօնի մը ընթացքին ստացած է ոսկէ մետալ եւ դափնեկիրի կոչում։ 1968 թուականին Մոսկուայի «Մայակ», իսկ 1971 թուականին՝ «Եունոսթ» ռատիոկայաններու համամիութենական մրցոյթներուն արժանացած է «Տարուան լաւագոյն երգչուհի» մրցանակին։ 1967-1975 թուականներուն եղած է Սոչիի, Մինսկի եւ Լեհաստանի Սոփոթ քաղաքի միջազգային երաժշտական մրցոյթներու դափնեկիր։
1977 թուականին ան արժանացած է ՀԽՍՀ վաստակաւոր արտիստի կոչումին, 2001-ին՝ Մովսէս Խորենացիի մետալին, 2006-ին՝ ՀՀ ժողովրդական արտիստի կոչումին։ 2008-ին պարգեւատրուած է Մոսկուայի «Կարօտ» միջազգային հայկական փառատօնի ոսկէ մետալով, 2009-ին՝ ՀՀ վարչապետի շնորհակալագիրով, 2011-ին՝ ՀՀ Ազգային ժողովի պատուոյ մետալով։ 2015-ին Ռաիսա Մկրտչեան դարձած է Երեւանի պատուաւոր քաղաքացի, իսկ 2016-ին պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» Ա. աստիճանի մետալով։