image

Նախագահ Սիսի մտադիր է Հայաստան այցելել

Նախագահ Սիսի մտադիր է Հայաստան այցելել

Եգիպտոսի մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Փոլատեան իր հաւատարմագրերը յանձնած է Եգիպտոսի նախագահ Ապտըլ Ֆաթթահ Սիսիին: ՀՀ Արտաքին գործոց նախարարութիւնը կը տեղեկացնէ, որ կարճատեւ զրոյցի ընթացքին ՀՀ դեսպանը նախագահ Սիսիին փոխանցած է ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանի ջերմ ողջոյններն ու բարեմաղթանքները: Դեսպան Փոլատեան նշած է, որ հայկական կողմը մեծ ակնկալիքներով կը սպասէ Եգիպտոսի առաջնորդին` Հայաստան պաշտօնական այցին:

Պատասխան խօսքին մէջ Եգիպտոսի առաջնորդը նշած է, որ պիտի օգտուի ընձեռած հնարաւորութիւններէն` այցելելու Հայաստան: Շնորհաւորելով ՀՀ դեսպանը հաւատարմագրերու յանձնման կապակցութեամբ` Եգիպտոսի նախագահ Սիսին բարձր գնահատած է հայ-եգիպտական աւանդական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ յաջողութիւն մաղթած է ՀՀ դեսպանին իր առաքելութեան մէջ: