image

Մոնթէի նկարներուն եւ անոր վերաբերեալ գրառումներու հետեւանքով էջերու արգելափակման հարցով ՀՀ ՄԻՊ-ը կը դիմէ Ֆէյսպուքին

Մոնթէի նկարներուն եւ անոր վերաբերեալ գրառումներու հետեւանքով էջերու արգելափակման հարցով ՀՀ ՄԻՊ-ը կը դիմէ Ֆէյսպուքին

Հայաստանի ազգային հերոս, Արցախի հերոս Մոնթէ Մելքոնեանի նկարներու եւ անոր վերաբերեալ գրառումներու հրապարակումէն յետոյ «Ֆէյսպուք» ընկերային ցանցի օգտատէրերու էջերու նկատմամբ կիրառուող արգելափակումներու հետ կապուած ՀՀ մարդու իրաւունքներու պաշտպանը նամակ ուղղած է Ֆէյսպբուքին:

«Յատուկ շեշտադրուել է, որ Ֆէյսպուքի այս քաղաքականութիւնը վնասում է սոցիալական մետիայում խօսքի ազատութեանը, առաւել եւս այն պարագայում, երբ Մոնթէն մեր ժողովրդի համար հայրենասիրութեան եւ առաքինութեան, անձնուրացութեան օրինակ է համարւում:

Պաշտպանի աշխատակազմում ուսումնասիրուել եւ Ֆէյսպուքին ներկայացուել փաստեր, որ Մոնթէի մասին խօսւում է դպրոցական ու բուհական դասագրքերում:

Կից ներկայացրել ենք ապացոյցներ արգելափակուած կամ սահմանափակումներու ներքոյ գտնուող օգտահաշիւների կամ էջերի վերաբերեալ», ըսուած է ՄԻՊ աշխատակազմի տարածած հաղորդագրութեան մէջ: