image
Հրատապ լուրեր:

Մկրտիչ սրբազանը քննիչի ուղեկցութեամբ բնակարանէն դուրս եկած է եւ անոր գտնուելու վայրն անյայտ է. փաստաբան

Մկրտիչ սրբազանը քննիչի ուղեկցութեամբ բնակարանէն դուրս եկած է եւ անոր գտնուելու վայրն անյայտ է. փաստաբան

Արագածոտնի թեմի 6 հոգեւորական եւ Մկրտիչ սրբազանը բերման ենթարկուած են անոնց բնակարանները խուզարկելէ ետք: Արագածոտնի թեմի առաջնորդ Մկրտիչ եպիսկոպոս Պռոշեանի գտնուելու վայրը յայտնի չէ:

«Խուզարկութիւն է իրականացուել, խուզարկութիւն իրականացրած քննիչի հետ Մկրտիչ սրբազանը դուրս է եկել՝ հաւանաբար որպէսզի բերուի նախաքննական մարմին, բայց մինչ այժմ նրա գտնուելու վայրը յայտնի չէ»,- լրագրողներուն յայտնած է փաստաբան Արմինէ Ֆանեանը:

Հոկտեմբեր 15-ին իրաւապաշտպանները ժամանած են Քննչական կոմիտէի վարչական շէնք՝ Մկրտիչ սրբազան Պռոշեանի շահերու պաշտպանութեան նպատակով։ Սակայն ժամեր շարունակ անոնք չեն կրցած որեւէ տեղեկատւութիւն ստանալ սրբազանի գտնուելու վայրի վերաբերեալ։

Փաստաբանական խումբի անդամները լրագրողներու հետ զրոյցին յայտնած են, որ չնայած ներկայացուցած են ներգրաւման դիմում եւ տեղեկացուցած Քննչական կոմիտէին իրենց ներկայութեան մասին, այդուհանդերձ չեն կրցած մուտք գործել ոչ միայն վարոյթն իրականացնող ստորաբաժանում, այլ նոյնիսկ ընդհանուր բաժին։

Փաստաբանները նաեւ տեղեկացուցած են, որ հոգեւորականները, որոնք բերման ենթարկուած են, պաշտօնապէս ունին վկայի կարգավիճակ, եւ անոնց յանձնուած են համապատասխան ծանուցագրեր՝ երեք օրուայ ժամկէտով հարցաքննութեան ներկայանալու պահանջով։ Սակայն փաստաբանական խումբը կը պնդէ, որ որոշ հոգեւորականներ բերման ենթարկուած են հարկադրանքով, իրենց կամքին հակառակ, որ, ըստ անոնց, հարցեր կ՚առաջացնէ գործընթացի իրաւաչափութեան վերաբերեալ։

«Բերման ենթարկուած հոգեւորականները դեռ չեն հարցաքննուել, նրանք ցանկութիւն են յայտնել փաստաբանի ներկայութեամբ հարցաքննուել»- յայտնած է փաստաբան Արմինէ Ֆանեանը: