Փարիզի որոշ շրջաններու մէջ պարետային ժամը երկարաձգուած է եւ պիտի գործէ մինչեւ Երկուշաբթի առաւօտ, կը հաղորդէ «Le Figaro»ն։ Այն կը գործէ Հանրապետութեան հրապարակին եւ Լէ Օլ շրջանին մէջ։ Այս միջոցառումը կիրարկուած է շաբաթավերջին տեղի ունեցած բռնութիւններու եւ կողոպուտներու ալիքէն ետք։
Բացի այդ, ոստիկանութիւնը վերահաստատած է «բոլոր չարտօնուած հաւաքներու» արգելքը երեկոյեան եւ գիշերային ժամերուն՝ Հինգշաբթիէն Ուրբաթ։ Արգելքը կը վերաբերի մասնաւորաբար Էլիզեան պալատի, Ազգային ժողովի, Ծերակոյտի, Շանզ Էլիզէ պողոտայի եւ երկաթուղային կայարաններու շրջակայ տարածքներուն։
Սահմանափակումները կը տարածուին թէ՛ չափահասներուն եւ թէ՛ անչափահասներուն վրայ։