Հոկտեմբեր 7-ին արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանը աշխատանքային այցով կը գտնուի Մոսկուայի մէջ, յայտնած է Հայաստանի ԱԳՆ-ը։
Միրզոյեան պիտի մասնակցի ԱՊՀ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստին ընդառաջ կայանալիք Արտաքին գոծոց նախարարներու խորհուրդի նիստին:
Ատրպէյճանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավար Ճէյհուն Պայրամով եւս Մոսկուա կը գտնուի։
Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ԱԳ նախարարներու առանձին հանդիպում չի նախատեսուիր. ԱԳՆ
Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Անի Բադալեանը լրատուամիջոցներու հարցին ի պատասխան, տեղեկացուցած է, որ Մոսկուայի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու առանձին հանդիպում չի նախատեսուիր:
Աւելի վաղ Ռուսիոյ նախագահի մամուլի քարտուղար Տմիթրի Փեսքովը յայտարարած էր, որ հոկտեմբեր 7-ին՝ Վլատիմիր Փութինի ծննդեան օրը, Մոսկուայի մէջ ԱՊՀ անդամ պետութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստ պիտի կայանայ։ «Այդ լիարժէք ձեւաչափի հանդիպում պիտի ըլլայ, որ բաւական յագեցած օրակարգ պիտի ունենայ»,-ըսած է Փեսքովը։