ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը մտահոգիչ կը համարէ 15-23 ապրիլին Երեւան կայացող Եւրոպայի ծանրամարտի ախոյեանութեան Ատրպէյճանի մարզիկներու հետագայ մասնակցութիւնը դադրեցնելու վերաբերեալ Ատրպէյճանի Երիտասարդութեան եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան եւ Ազգային ողիմպիական կոմիտէի կայացուցած որոշումը՝ մարզական բարոյագիտութեան տեսանկիւնէ։ Այս մասին յայտարարութիւն տարածած է ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութիւնը։
«Հայաստանի Հանրապետութիւնն ի սկզբանէ ապահովել է անվտանգութեան բոլոր չափանիշները, եւ առաջնութեանը մասնակցելու նպատակով Երեւան ժամանած ծանրորդների անվտանգութեան հետ կապուած որեւէ խնդիր չի առաջացել եւ չէր կարող առաջանալ։
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցած միջադէպը, որը շատ արագ հարթուել է, որեւէ առնչութիւն չունի մարզիկների անվտանգութեան եւ նրանց բնականոն մրցելոյթների ապահովման հետ։ Անհրաժեշտ բոլոր պայմանները լիարժէքօրէն ապահովուած են եղել։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը հաւատարիմ է մնում ծանրամարտի միջազգային ֆեդերացիայի նկատմամբ ստանձնած պարտաւորութիւնների կատարմանը եւ վերահաստատում Եւրոպայի 2023թ. առաջնութիւնը բարձր մակարդակով անցկացնելու պատրաստակամութիւնը», - ըսուած է յայտարարութեան մէջ։