image

Խմբագրական «Ազդակ»ի. 5-րդ յօդուածին ականուած մեկնաբանութիւնը

Խմբագրական «Ազդակ»ի. 5-րդ յօդուածին ականուած մեկնաբանութիւնը

Իրաւական պետութեան պայմաններուն մէջ  Սահմանադրական դատարանը այս բոլորի հակասահմանադրականութիւնը կ՛ընդգծէր եւ համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկէր: Յայտնաբար 5-րդ յօդուածի մեկնաբանութիւնը հիմք կը ծառայէ այս բոլոր սահմանադրական խախտումները  օրինաչափ նկատելու: 5-րդ յօդուածը մեկնաբանելու կարիք ալ չի զգացուիր, եթէ իշխանութիւնները յաջողին փոխել Սահմանադրութիւնը եւ ջնջել Հռչակագիր-Սահմանադրութիւն յղումը:

Անկախութեան հռչակագիրի  ընդունման 34-րդ տարեդարձին առիթով Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետին ուղերձը ականուած բաժին ունի: Ան խօսելէ ետք Հռչակագիր-Սահմանադրութիւն յղումնային կապին մասին, կը յայտնէ, որ չի նշանակեր, որ  Անկախութեան հռչակագիրին ամբողջ բովանդակութիւնը ներառուած է  Հայաստանի Սահմանադրութեան մէջ, եւ այս երկու փաստաթուղթերու բովանդակութիւնը նոյնական են:

Նուրբ ձեւով այստեղ ըսել կ՛ուզուի, որ երկու փաստաթուղթերու բովանդակութիւնը ոչ միայն նոյնը չեն, այլ լուռ ձեւով կը փոխանցուի, որ կրնան նոյնիսկ հակասական ըլլալ:

Այս տեսութիւնը հիմնաւորելու համար կը դիմուի օրինակի: Օրինակը  Հռչակագիրի 5-րդ յօդուածն է, ուր կ՛ըսուի, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը իր անվտանգութիւնը եւ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը ապահովելու նպատակով կը ստեղծէ Գերագոյն խորհուրդին ենթակայ սեփական զինուած ուժեր, ներքին զօրքեր, պետական եւ հասարակական անվտանգութեան մարմիններ:

Այս օրինակով իբրեւ թէ կը փաստարկուի, որ Անկախութեան հռչակագիրին ամրագրած հիմնադրոյթները եւ գետնի վրայ արձանագրուող իրողութիւնը տարբեր են: Զինեալ ուժերը խորհրդարանին չեն ենթարկուիր, այլ կառավարութեան եւ անկէ առաջ` նախագահին: Ըստ էութեան, հիմա, մէկ անձի:

Անկախութեան հռչակագիրի 5-րդ յօդուածի գործնական վերափոխումը աւելի ուշադիր ընթերցումով զինուած ուժերու վերահսկիչ օղակի մասին է: Այս յօդուածը պարզապէս օգտագործուած է ընդգծելու համար, որ Սահմանադրութիւնը կրնայ հակասել Անկախութեան հռչակագիրին:

Բուն թիրախը Հռչակագիրին միւս կէտերն են: Լուռ ձեւով ըսել կ՛ուզուի, որ թիրախաւորուած կէտերու առումով Անկախութեան հռչակագիրն ու գործող Սահմանադրութիւնը հակասական են. եւ որովհետեւ Անկախութեան հռչակագիրը չեղեալ նկատել կարելի չէ, կամ փոփոխութեան ենթարկել, ուրեմն պէտք է Սահմանադրութենէն դուրս բերել յղումը:

 

Թիրախաւորուած կէտերը պարզ է, որ հետեւեալներն են`

Ա.- …Գիտակցելով իր պատասխանատուութիւնը հայ ժողովուրդի ճակատագիրին առջեւ համայն հայութեան իղձերու իրականացման եւ պատմական արդարութեան վերականգնման գործին մէջ…

Բ.- …Մեկնելով մարդու իրաւունքներու համընդհանուր հռչակագիրի սկզբունքներէն եւ միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ կանոններէն…

Գ.- ….Կենսագործելով ազգերու ազատ ինքնորոշման իրաւունքը, հիմնուելով 1989 թուականի դեկտեմբերի 1-ի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» Հայկական ԽՍՀ Գերագոյն խորհուրդի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային խորհուրդի համատեղ որոշման վրայ…

Դ.- …Զարգացնելով 1918 թուականի մայիսի 28-ին ստեղծուած անկախ Հայաստանի Հանրապետութեան ժողովրդավարական աւանդոյթները…

Ե.- …Հայաստանի Հանրապետութիւնը սատար կը կանգնի 1915 թուականին օսմանեան Թուրքիոյ եւ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման գործին (11-րդ յօդուած):

Թիրախաւորուած այս հիմնադրոյթներէն շեղումներ կատարած են գործող իշխանութիւնները: Կարելի էր այս բոլորը նաեւ նշել, փաստելու համար Հռչակագիրին եւ կիրարկուող քաղաքականութեան հակասութիւնները: Հակահռչակագրային քաղաքականութիւն վարելու արդարացումը 5-րդ յօդուածի մշուշապատումով կ՛արծարծուի: Միտք կը պատրաստուի պարզապէս այդ յղումը վերացնելու:

Որովհետեւ այդ յղումի առկայութեամբ հակասահմանադրական կը նկատուին`

Ա.- Հայրենիքը միայն այսօրուան սահմաններով (այն ալ փոփոխուող թուանշաններով)  դաւանող   եւ պատմական իրաւունքներէն հրաժարելու պաշտօնական յայտարարութիւնները,

Բ.- Միջազգային իրաւունքի հանրաճանաչ կանոններէն ազգերու ինքնորոշման իրաւունքը շրջանցելը,

Գ.- Արցախը Ազրպէյճանի տարածք համարելը,

Դ.- Մայիս 28-եան աւանդոյթները մերժելով եւ անոր խորհրդանիշները փոխելու մասին դիրքորոշումներ հրապարակելով առաջին հանրապետութեան իրաւաժառանգորդութիւնը անտեսելը,

Ե.- Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման աշխատանքներուն որեւէ մասնակցութիւն չունենալը:

Իրաւական պետութեան պայմաններուն մէջ  Սահմանադրական դատարանը այս բոլորի հակասահմանադրականութիւնը կ՛ընդգծէր եւ համապատասխան քայլերու կը ձեռնարկէր: Յայտնաբար 5-րդ յօդուածի մեկնաբանութիւնը հիմք կը ծառայէ այս բոլոր սահմանադրական խախտումները  օրինաչափ նկատելու: 5-րդ յօդուածը մեկնաբանելու կարիք ալ չի զգացուիր, եթէ իշխանութիւնները յաջողին փոխել Սահմանադրութիւնը եւ ջնջել Հռչակագիր-Սահմանադրութիւն յղումը:

Այդ պարագային ոչ միայն նոյնական չեն ըլլար երկու փաստաթուղթերը, այլեւ հակասական: