image

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնէն հերքում

ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնէն հերքում

Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը հերթական ապատեղեկատուութիւն տարածած է, յայտարարելով, թէ իբր 30 Յուլիսի կէսօրին ՀՀ ԶՈՒ ստորաբաժանումները հրաձգային զինատեսակներէն կրակ բացած են հայ-ատրպէյճանական սահմանի արեւելեան եւ հարաւ-արեւելեան հատուածը տեղակայուած ատրպէյճանական դիրքերու ուղղութեամբ։  Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութիւնէն:

Իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին յարաբերականօրէն կայուն է եւ կը գտնուի ՀՀ ԶՈւ-ի լիարժէք վերահսկողութեան ներքոյ։

Նշենք, որ երէկ երկու անգամ նոյն բովանդակութեամբ յայտարարութիւն տարածած է Պաշտպանութեան նախարարութիւնը: