image

ՄԻԵԴ-էն անդրադարձ՝ Բերձորի եւ Աղաւնոյի բնակչութեան տեղահանման

ՄԻԵԴ-էն անդրադարձ՝ Բերձորի եւ Աղաւնոյի բնակչութեան տեղահանման

Հայաստանի Հանրապետութեան կողմէ Արցախի Հանրապետութեան շարք մը բնակավայրերու բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար, Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) ներկայացուած միջանկեալ միջոց կիրարկելու մասին պահանջի հիման վրայ, 19 Օգոստոսին, դատարանը վերահաստատած է 29 Սեպտեմբեր 2020ին կիրարկուած եւ նոյն տարուան 3 Նոյեմբերին առաւել ընդլայնած միջանկեալ միջոցը` նշելով, որ անիկա կը շարունակէ ուժի մէջ մնալ: Այս մասին յայտարարութեան մը միջոցաւ յայտնած է Միջազգային իրաւական հարցերու Հայաստանի ներկայացուցիչի գրասենեակը:

«ՄԻԵԴը կողմերին հրաւիրել է ձեռնպահ մնալ այնպիսի գործողութիւններից, որոնք կարող են յանգեցնել քաղաքացիական բնակչութեան Կոնվենցիայով (պայմանագիրով) պաշտպանուող իրաւունքների խախտմանը, այդ թւում նրանց` Կոնվենցիայի 2րդ, 3րդ եւ 8րդ յօդուածներով պաշտպանուող իրաւունքները վտանգի տակ դնելուց»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Դատարանը նաեւ արձանագրած է, որ Հայաստանի կառավարութեան վկայակոչած իրադարձութիւններուն, այն է` խաղաղ բնակավայրերու ուղղութեամբ իրականացուող զինուած յարձակումներ, Բերձոր եւ Աղաւնոյ համայնքներու բնակչութեան տեղահանման սպառնալիքներ, որոնց համար կիրարկելի է 29 Սեպտեմբեր 2020ին տրուած եւ մինչեւ օրս ուժի մէջ եղող որոշումը: