image
Հրատապ լուրեր:

Կարս-Գիւմրի երկաթգիծի շահագործումը յստակ օգուտներ պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի ամբողջ բնակչութեան. ԵՄ

Կարս-Գիւմրի երկաթգիծի շահագործումը յստակ օգուտներ պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի ամբողջ բնակչութեան. ԵՄ

Եւրոպական Միութիւնը ողջունած է օրերս Կարսի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Թուրքիա երկկողմ աշխատանքային խումբի նիստը, որ նուիրուած է երկու երկիրներու միջեւ երկաթուղային հաղորդակցութեան վերականգնման։

 

Հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին կայուն ընթացքը կ՚արտացոլէ տարածաշրջանին մէջ նկատուող աւելի լայն դրական զարգացումները, որոնք կարեւոր նշանակութիւն ունին տեւական խաղաղութեան եւ կայունութեան համար։ ԵՄ-ը կը խրախուսէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու լիարժէք կարգաւորումը,– նշուած է յայտարարութեան մէջ։

Եւրոպական Միութենէն ընդգծած են, որ շահագործման յանձնուելէ ետք Կարս-Գիւմրի երկաթուղային հաղորդակցութիւնը պիտի ամրապնդէ տարածաշրջանային կապը եւ յստակ օգուտներ պիտի բերէ Հարաւային Կովկասի ամբողջ բնակչութեան։

ԵՄ-ը յանձնառու է Հարաւային Կովկասի մէջ կապերու զարգացման՝ միջտարածաշրջանային կապակցուածութեան օրակարգին, «Համաշխարհային դարպասներ» ռազմավարութեան եւ Անդրկասպեան փոխադրական միջանցքին համապատասխան, որոնց մէջ Հայաստանը եւ Թուրքիան առանցքային դեր կը խաղան,– նշուած է ԵՄ պատուիրակութեան անունով տարածուած հաղորդագրութեան մէջ։