image
Հրատապ լուրեր:

Ծնունդները քիչցած են, ամուսնալուծումները՝ շատցած. Ինչ է Հայաստանի բնակչութեան թիւը

Ծնունդները քիչցած են, ամուսնալուծումները՝ շատցած. Ինչ է Հայաստանի բնակչութեան թիւը

2025 թուականի հոկտեմբեր 1–ի դրութեամբ Հայաստանի մշտական բնակչութեան թիւը 3 090 500 եղած է, որմէ 1,977,400–ը կը բնակին քաղաքներու մէջ, 1,113,100–ը`գիւղերու: Այդ մասին նշուած է ՀՀ վիճակագրական կոմիտէի այսօր հրապարակած «Հայաստանի Հանրապետութեան սոցիալ–տնտեսական վիճակը 2025 թ. յունուար–սեպտեմբերին» զեկոյցին մէջ։

Կոմիտէի տուեալներով` յունուար–սեպտեմբերին Հայաստանի մէջ ծնած է 23,698 մարդ` 1,244–ով պակաս 2024 թուականի նոյն ժամանակահատուածի ցուցանիշէն (24,942)։

Դիտարկուող ժամանակահատուածին ՀՀ–ի մէջ մահացած է 1, 064 մարդ։ Մահացութեան դէպքերը 2024 թուականի համեմատ այս տարի աւելցած են (2024 թ. մահացած է 18,959 մարդ)։ Մահացութեան դէպքերը հիմնական գրանցուած են արեան շրջանառութեան համակարգի հիւանդութիւններէ, նորագոյացութիւններէ, շնչառական օրկաններու հիւանդութիւններէ։

Ի դէպ, 2025 թուականի յունուար–սեպտեմբերին յղիութեան հետ կապուած բարդութիւններէն, ծննդեան եւ յետծննդեան ժամանակահատուածին մայրական մահացութեան դէպքեր Հայաստանի մէջ չեն գրանցուած, մինչդեռ 2024 թուականի յունուար–սեպտեմբերին արձանագրուած էր մայրական մահացութեան 6 դէպք:

Ըստ վիճակագրական կոմիտէի` 2025 թուականի 9 ամսուան մէջ ՀՀ–ի մէջ ամուսնացած է 10,238 մարդ, մինչդեռ 2024 թուականի նոյն ժամանակահատուածին ամուսնացած է 11,696 մարդ։ Այս տարի քիչ մը աւելցած է ամուսնալուծութիւններու թիւը` 3,617 (2024 թուականին ամուսնալուծուած է 3,422 մարդ)։

«Հանրապետութիւնում 2025 թ. յունուար–սեպտեմբերին գրանցուած 1,000 ամուսնութիւնների համեմատ գրանցուել է ամուսնալուծութիւնների 353 դէպք` 2024 թ. յունուար–սեպտեմբերի 293 դէպքի համեմատ»,–ըսուած է կոմիտէի զեկոյցին մէջ:

Ինչ կը վերաբերի նորածիններու սեռերու յարաբերակցութեան, ապա ինչպէս 2024 թուականի յունուար–սեպտեմբերին, այնպէս ալ 2025 թուականի յունուար–սեպտեմբերին կազմած է 110 տղայ՝ 100 աղջկա հաշուով:

2025 թուականի 9 ամսուան մէջ ՀՀ պետական սահմանի անցման կէտերով մուտք գործած է 3,919,800 մարդ, որմէ ՀՀ փաստաթուղթերով` 1,646,600–ը։ Հայաստանէն սահմանային կէտերով դուրս եկած է 3,908 400 մարդ, որմէ 1,649,400–ը` ՀՀ փաստաթուղթերով։