image

Եգիպտոսն ու Թուրքիան դարձեալ դէմ արտայայտուած են պաղեստինցիներու տեղահանման

Եգիպտոսն ու Թուրքիան դարձեալ դէմ արտայայտուած են պաղեստինցիներու տեղահանման

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանը եւ Եգիպտոսի անոր պաշտօնակից Պատր Ապտ ալ-Աաթին Անգարայի մէջ հանդիպման ժամանակ վերահաստատած են իրենց անհամաձայնութիւնը պաղեստինցիներու տեղահանման վերաբերեալ՝ անդրադառնալով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի՝ Կազայի բնակիչները Եգիպտոս եւ Յորդանան տեղափոխելու կոչին:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ այս մասին յայտնած է Al Jazeera լրատուական գործակալութիւնը։

Կողմերը համատեղ յայտարարութեան մէջ ընդգծած են, որ կը մերժեն իրենց հողերէն պաղեստինցիներու բռնի տեղահանումը կամ անոնց տեղափոխումն այլ երկիրներ որեւէ կարճաժամկէտ կամ երկարաժամկէտ նպատակներով:

Երկու երկիրներու պաշտօնեաներն իրենց վճռական աջակցութիւնը յայտնած են Պաղեստինի ժողովուրդի հաստատակամութեան եւ իր հողին ու օրինական իրաւունքներուն հաւատարիմ մնալուն։

Յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ այս քայլերը կը սպառնան տարածաշրջանի կայունութեան եւ կը նպաստեն հակամարտութեան շրջանակի ընդլայնման՝ խաթարելով ժողովուրդներու միջեւ խաղաղութեան եւ համակեցութեան հասնելու հնարաւորութիւնները։

2025-ի յունուար 26-ին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կոչ ըրած էր «մաքրելու» աւերուած Կազայի հատուածը՝ յորդորելով բնակիչները տեղափոխել Եգիպտոս եւ Յորդանան՝ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու նպատակով։

Իսկ փետրուար 4-ին Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հետ հանդիպումէն ետք կայացած մամուլի ասուլիսին Թրամփ յայտարարած է, որ Ուաշինկթըն իր ձեռքը պիտի վերցնէ Կազայի հատուածը, հնարաւոր է նաեւ՝ ամերիկեան զօրքերի օգնութեամբ, այն պիտի վերածէ մերձաւորարեւելեան «Ռիվիերա»ի, իսկ այնտեղ ապրող պաղեստինցիները պէտք է հեռանան։