image

Միանմայի մէջ մահապատիժի ենթարկուած է չորս աքթիւիսթ

Միանմայի մէջ մահապատիժի ենթարկուած է չորս աքթիւիսթ

Միանմայի զինուորական իշխանութիւնը մահապատիժի ենթարկած է չորս աքթիւիսթի, որոնք կը մեղադրուէին ահաբեկչական գործողութիւնները իրականացնելուն միջնորդելու մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ Reuters-ը՝ յղում ընելով տեղական լրատուամիջոցներուն։

Միանմայի ազգային միասնութեան կառավարութիւնը քննադատած է մահապատիժներու մասին հաղորդագրութիւնները։

Աղբիւրներու հաղորդմամբ՝ մեղադրեալներէն միայն մէկու հարազատին թոյլ տուած են խօսիլ անոր հետ՝ Zoom առցանց հարթակի միջոցով։ 

Նշենք, որ Մահապատիժի ենթարկուածներէն երկուքը ձերբակալուած Էին 2021 թուականի վերջը եւ մահուան դատավճռի դատապարտուած՝ յունուարին՝ Եանկոնի մէջ զնուած դիմադրութեան գործողութեան կազմակերպման համար: 2021 թուականի 1 փետրուարին Միանմայի զինուորականները յայտարարած են երկրին մէջ արտակարգ դրութիւն սահմանելու եւ երկրի ղեկավաութեան պաշտօնազրկութեան մասին: