image

Միլանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու ժամանակ աւելի քան 200 մարդ բերման ենթարկուած է

Միլանի մէջ տեղի ունեցած անկարգութիւններու ժամանակ աւելի քան 200 մարդ բերման ենթարկուած է

Իտալիոյ մէջ կենսապայմաններէն եւ ծառայութիւններու որակէն դժգոհ հարիւրաւոր անձեր շաբաթ եւ կիրակի օրերուն մասնակցած են Միլանի կեդրոնը տեղի ունեցած անկարգութիւններուն։ Աւելի քան 200 անձ ոստիկանատուն տարուած է։

RAI News 24 կը հաղորդէ, որ բերման ենթարկուածներու շուրջ 80 տոկոսը անչափահասներ են։

Բախումները սկսած են Հոկտեմբեր 17-ին։ Յաջորդ օրը՝ կէսօրին, Միլանի մայր տաճարի՝ Պիացցա տել Տուոմոյի հրապարակին մէջ, լրատուամիջոցներու գնահատմամբ, արդէն մինչեւ 2,000 մարդ հաւաքուած էր։

Մասնակիցները կոտրած են խանութներու եւ ճաշարաններու ցուցափեղկերը, վնասած են փողոցային նստարանները, աթոռներ ու քարեր նետած եւ աղբամաններ հրկիզած։

Ոստիկանութիւնը, ի պատասխան, գործածած է յատուկ միջոցներ եւ ջրցան մեքենաներ։ Օրուան վերջաւորութեան իրավիճակը վերահսկողութեան տակ առնուած է։ Տուոմոն զբօսաշրջիկներու համար փակուած է սովորականէն աւելի շուտ։

Իտալիոյ վարչապետ Ճորճիա Մելոնի նախատեսած է Հոկտեմբեր 19-ին խորհրդակցութիւն կայացնել՝ հասարակական կարգին վերաբերող հարցերու շուրջ։