image

Միացեալ Նահանգներէն հասնող օգնութիւնը կը դանդաղի. Զելենսքի

Միացեալ Նահանգներէն հասնող օգնութիւնը կը դանդաղի. Զելենսքի

Միացեալ Նահանգներէն հասնող օգնութիւնը կը դանդաղի, ինչ որ կը խանգարէ նոր զօրախումերու համալրման՝ յայտարարած է Վոլոտիմիր Զելենսքին The Guardian-ի հետ հարցազրոյցին: Ան կարծիք յայտնած է, որ Քիեւ ստացած է յատկացուած գումարին դեռ փոքր մասը:

Ուքրանիոյ նախագահի խօսքով՝ Ռուսիա տեղեակ է այդ մասին եւ այդ պատճառով ալ կը փորձէ ընդլայնել ճակատը Ուքրանիոյ հիւսիսը:

Զելենսքի մանրամասնած է, որ այժմ Խարքովի հատուածին մէջ ռուսական ուժերու առաջխաղացումը կանխելու համար ստիպուած են օգտագործել Տոնպասի պահուստը: Անոր խօսքով՝ եթէ միջոցները բաւարարէին համալրելու զօրախումբերը, ուժերը Տոնպասէն դուրս չէին բերուեր: