image

«Մեզ մեր տղաներն են պէտք». Խծաբերդի մէջ գերեվարուածներու հարազատները փակած են Գիւմրի-Բաւրա ճանապարհը

«Մեզ մեր տղաներն են պէտք». Խծաբերդի մէջ գերեվարուածներու հարազատները փակած են Գիւմրի-Բաւրա ճանապարհը

Հադրութի շրջանի Խծաբերդի մարտական դիրքերէն գերեվարուածներու հարազատները փակած են Գիւմրի֊Բաւրա միջպետական ճանապարհը, յայտնած է «Առաւօտը»։

Արշաւի մասնակիցները կը պահանջեն վերադարձնել իրենց զաւակները։

«Մեզ այլեւս ոչ մի հանդիպում պէտք չէ ո’չ կառավարութեան անդամների, ո’չ արտաքին գործերի նախարարութեան ներկայացուցիչների հետ։ Անցած շաբաթ գնացել էինք Երեւան, արտաքին գործերի նախարարութեան շէնք անգամ ներս չթողեցին։ Մեզ մեր տղաներն են պէտք` ողջ, առողջ։ «Կարմիր խաչի» միջոցով հեռախօսակապ ունենք հետները, բայց 30 տարեկանը 40-50 տարեկան է երեւում, այլեւս սպասելու տեղ չունենք»,–ըսած են բողոքի ցոյցի դուրս եկած գերիներու հարազատները։

Շիրակի մարզէն գերեվարուածները 26–ն են, անոնք 2 տարի 4 ամիս է կը գտնուին գերեվարութեան մէջ։ Հարազատները նշած են` պիտի չբանան ճանապարհը, մինչեւ իրենց որդիներու վերադարձի մասին յստակ տեղեկատւութիւն տրամադրեն։

Զինծառայողները գերեվարուած էին Արցախի Խծաբերդէն 2020 թուականի դեկտեմբեր 16-ին: