Երէկ՝ մարտ 29-ին, խոշոր արկած տեղի ունեցած է Սիւնիքի մարզին մէջ։ Ժամը 12։00-ի սահմաններուն Երեւան-Մեղրի ճանապարհի 270 քմ հատուածին Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան քաղաքացի 39-ամեայ Շոքեր Ա․-ն իր վարած «Pilsan» մակնիշի կցորդիչով բեռնատարով կողաշրջուած է եւ մասամբ փակած ճանապարհը։
Shamshyan.com-ի հաղորդմամբ՝ վթարի հետեւանքով արագ ժամանած «Կապան» բժշկական կեդրոնի շտապօգնութեան բժիշկներու հերթապահ խումբը վարորդին առաջին բուժօգնութիւն ցուցաբերած են, որ սակայն հրաժարած է հիւանդանոց մեկնելէ։
Վթարի փաստով ՊԾ Սիւնիքի մարզի գումարտակի 1-ին վաշտին մէջ փաստաթուղթեր կը ձեւակերպուին։