image

Մեծ պատերազմներու պարագային գրաւը օդային գերակայութեանն է. National Interest

Մեծ  պատերազմներու  պարագային գրաւը  օդային  գերակայութեանն է. National Interest

Օդային գերակայութիւնը վճռորոշ գործօն է մաշտապային պատերազմի ընթացքին այնպիսի գերտէրութիւններու դէմ, ինչպիսիք են Ռուսաստանը եւ Չինաստանը, կը գրէ The National Interest-ը:

Օդային մարտեր վարելու եւ ժամանակակից հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ոչնչացման անհրաժեշտութիւնը վճռորոշ կը դառնայ երկիրներու դէմ հակամարտութեան հարցին մէջ, որոնք ունակ են հզօրութիւն ցուցաբերելու երկինքէն՝ ըսուած է յօդուածով, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոսթին:

Յօդուածը նաեւ նշած է, որ օդային ժամանակակից պատերազմը բացարձակ այլ բնոյթ կը կրէ, եւ որ կը տարբերի Իրաքի կամ Աֆղանիստանի հակամարտութիւններէն: Նման պատերազմի, ԱՄՆ-ը բախում կ'ունենայ բարձր արդիւնաբերութիւն ունեցող հակառակորդի հետ:

«Մեր յիշողութիւնը կեդրոնացած է արդիւնաբերական գետնի վրայ յետամնաց միջավայրի պայմաններու փորձին վրայ: Միայն վերջերս մենք սկսած ենք ուշադրութիւն դարձնել, թէ ինչպէս զսպել բարձր արդիւնաբերութեամբ հակառակորդը եւ ինչպէս փոխել օդուժի օգտագործման սկզբունքները»,-նշած է ԱՄՆ-ի ռազմաօդային ուժերու շտապի պետի տեղակալ՝ զօրավար Ժոզէֆ Կասթըլըն:

Զինուորականին կարծիքով՝ չնայած գործողութեան հեռահար շառաւիղի համակարգի  կարեւորութեան՝ օդէն թռիչքները չափազանց կարեւոր են ցանկացած յաջողութեան հասնելու համար:

«Կարելի չէ տարածաշրջանային գործողութիւն կատարել միայն հրթիռներու կիրառմամբ: «Փոթորիկ անապատին մէջ» (Desert Storm) գործողութեան ընթացքին սահմանուած է 60 թիրախ, սակայն մենք առանց դժուարութեամբ կարող ենք սահմանել 100 թիրախ Եւրոպայի կամ Հարաւչինական ծովու մէջ գործողութիւն կատարելու պարագային»,-պատմած է Կասթըլըն:

Ան նաեւ ընդգծած է հակառակորդի հարուածներէն օդակայաններու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:

Յօդուածի հեղինակը նաեւ կը յստակացնէ, որ ցանկացած հակամարտութեան մէջ լիարժէք յաղթանակը կախուած է գերիշխելու եւ յաղթանակելու ունակութենէն, ինչպէս երկրի վրայ, այնպէս ալ օդի մէջ, շնորհիւ բոլոր տեսակի զօրքերու համատեղ գործողութիւններուն: