image

Փաշինեան պիտի մասնակցի ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման

Փաշինեան պիտի մասնակցի ԱՊՀ երկիրներու ղեկավարներու հանդիպման

Դեկտեմբեր 22-ին Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի պիտի ունենայ Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութեան (ԱՊՀ) անդամ երկիրներու ղեկավարներու աւանդական ոչ պաշտօնական հանդիպումը: Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի նախաձեռնութեամբ կայանալիք գագաթնաժողովին պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։

Փաշինեան այս մասին յայտնած էր դեկտեմբեր 18-ին կառավարութեան նիստէն ետք ճեպազրոյցի ժամանակ:

Քրեմլի մամուլի ծառայութեան հաղորդմամբ՝ հանդիպումն ունի ոչ պաշտօնական բնոյթ եւ կը ծառայէ որպէս հարթակ կառոյցի անդամ երկիրներու առաջնորդներու երկխօսութեան համար։ Բացի ընդհանուր հանդիպումէն, Ռուսիոյ նախագահը կը նախատեսէ կայացնել նաեւ շարք մը առանձին երկկողմ զրոյցներ գագաթնաժողովին ներկայ առաջնորդներու հետ։

Միջոցառումն պիտի կայանայ տարեվերջեան ամփոփիչ հանդիպումներու շրջածիրէն ներս, ուր կը քննարկուին տարածաշրջանային համագործակցութեան առնչուող հարցեր։