image

«Ես փոքրիկ Շուշանն եմ… օգնէ ինծի». Խոնարհելով Near East Reilef-ի մեծ առաքելութեան առջեւ

«Ես փոքրիկ Շուշանն եմ… օգնէ ինծի». Խոնարհելով Near East Reilef-ի մեծ առաքելութեան առջեւ

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Հայոց Ցեղասպանութեան հետեւանքով հազարաւոր որբուկներու փրկութեան համար կարեւոր աշխատանք կատարեցին Ամերիկայի մէջ գործող տասնեակ կազմակերպութիւններ։ Անոնցմէ ամէնէն կարեւորներէն կը համարուի Near East Reilef-ը։

Ներքոգրեալ լուրը շատ բան կը պատմէ այդ օրերու իրավիճակին, հայ որբուկներուն եւ համանուն կազմակերպութեան «փրկչական» գործին մասին։

 Հարիւրաւոր Շուշաններուն համար եւ յանուն՝ խոնարհումս 

Ցաւալի է, բայց հաղորդակցութեան հայկական մշակոյթի մէջ մեծ տեղ ունեցած է 1915ի ողբերգութեան ազդեցութիւնը։ Հայկական մամուլը զանազան ձեւաչափերով աշխարհին պատմած է արհաւիրքի ու կարիքաւորներու մասին։

Վերի պաստառը ստեղծուած է 1915-1920ական թուականներուն, Մերձաւոր Արեւելքի Օգնութեան (Նիըր Իսթ Ռիլիըֆ) ծրագրի շրջագծով։

Պաստառի վրայ գրուած է. «Դուն չես թողուր որ ես սովամահ ըլլամ, այնպէս չէ՞...։ Ես փոքրիկ Շուշանն եմ՝ Հայաստանէն։ Իմ տունը փլատակ է։ Հայրս տարած են։ Մայրս սովամահ եղած է, որովհետեւ իր ամբողջ կերակուրը ինծի կուտար։ Ես շատ սոված ու մսած եմ։ Հազարաւոր ուրիշներ եւս անօթի են ու կը մսին։ Օգնէ՛, օրական ընդամէնը 17 սենթով, ամսական՝ 5 տոլարով կամ տարեկան՝ 60 տոլարով, փրկէ՛ կեանք մը»։

Փոքրիկն Շուշանի կերպարը դարձած էր մարդասիրական ու քաղաքական հաղորդակցութեան առաջին յուզական խորհրդանիշներէն մէկը