Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան արք. ներկայ եղած է մեծ յաջութիւն ունեցող “Meet the Cartozians” թատերախաղին։
Ասոր մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Թեմի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ տրուած հաղորդագրութիւնը՝
Թալին Մոնահընի “Meet the Cartozians” թատերախաղը սկսաւ ներկայացուիլ Հոկտեմբերի վերջաւորութեան ծայրէ ծայր լեցուն սրահի առջեւ։ Ժողովրդային արտակարգ յաջողութիւնը պատճառ դարձաւ, որ ներկայացումները երկարաձգուին մինչեւ 14 Դեկտեմբեր։ 1925-ին, Օրեկընի դաշնակցային դատարանը վճռած է, որ Փորթլընտի բնակիչ Թադոս Գարթոզեան սպիտակ ցեղին կը պատկանէր եւ իրաւունք ունէր Միացեալ Նահանգներու քաղաքացի դառնալու, ինչ որ ապահովեց այդ իրաւունքը ամբողջ ամերիկահայութեան։ Պատմական այդ դէպքին անդրադարձող թատերախաղը կ՚ընթանայ երկու ժամանակներու մէջ՝ 1924 եւ 2024։ Դերակատարները համոզիչ ու տպաւորիչ խաղարկութիւն կը ցուցաբերեն, հանդիսատեսը մխրճելով պատմական տրամի եւ սպաննիչ երգիծանքի ճարտարօրէն հիւսուած համադրութեան մը մէջ։