Օրերս հայրական մթնոլորտի մը մէջ գլխաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ Արամ Ա. Վեհափառ Հայրապետին տեղի ունեցած մտերմիկ ընթրիք հանդիպում մը Նիւ Եորքի մէջ։
ԱՄՆ Արեւելեան Թեմ տուած հովուական այցելութեան պաշտօնական հանդիպումներէն ու առիթներէն անդին Վեհափառ Տէրը փափաքած է իր ներկայութեամբ պատուել Թեմի աշխատասէր եւ ժրաջան քահանաներէն՝ Արժ. Տ. Մեսրոպ Աւ. Քհնյ. Լագիսեան այցելելով վերջինիս ընտանեկան օճախ։
«Արեւելք»ի ընթերցող հանրութեան հետ կը կիսուին սոյն լուրով, որ շատ բան կը ներկայացնէ Անթիլիասի Սուրբ Աթոռի միաբանական կեանքի, համերաշխութեան ու նաեւ Արամ Ա. Վեհափառ Տէրոջ անմնացորդ նուիրումին ու հայրութեան մասին։
Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 12-ի երեկոյեան, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, իր իսկապէս յատուկ եւ ջերմ այցելութիւնը կատարեց Արժ. Տ. Մեսրոպ Ա. Քահանայի եւ Երէցկին Օժէն Լագիսեաններու համեստ ընտանեկան օճախը՝ մտերմիկ ընտանեկան ընթրիքի մը համար։ Այցելութիւնը տեղի ունեցաւ Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեանի յատուկ կարգադրութեամբ։
Վեհափառ Հայրապետին ընկերացան Գերշ. Տ. Անուշաւան Արքեպիսկոպոսը, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Գեղամ արք. Խաչերեանը, Գանատայի Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ.Բաբգէն արք. Չարեանը, Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի աշխոյժ միաբաններէն, ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի նախկին առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Թորգոմ արք. Տոնոյեանը, ինչպես նաեւ Կիլիկեան Աթոռի դիւանապետ՝ Գերշ. Տ. Տաճատ արք. Աշըքեանը։ Ընթրիքին մասնկաից եղան նաեւ Վեհափառ Հայրապետի պատուիրակութեան անդամներ՝ Հոգշ.Տ. Յովակիմ Վրդ. Բանճարեան, Հոգշ. Տ. Սարգիս Վրդ. Աբրահամեան, ինչպէս նաեւ Տէր Մեսրոպի եւ Տիկ. Օժէնի դուստր՝ Թալին Լագիսեան, եւ Տէր Մեսրոպի քոյրը՝ Թամար Լագիսեան։
Վեհափառ Հայրը այդ օրերուն կը գտնուէր Նիւ Եորք՝ , ուր նշուեցաւ Վեհի ընտրութեան , օծման եւ գահակալութեան 30-ամեակը։ Հայրական մթնոլորտի մը մէջ եղած ընթրիքի աւարտին աւարտին, ի շնորհակալութիւն Տ. Մեսրոպ Քահանայի քսան տարիէ ի վեր Ս. Լուսաւորիչ Մայր Եկեղեցւոյ հովուութեան, ինչպէս նաեւ Զարեհեան Դպրեվանքին, Քրիստոնէական Դաստիարակութեան Բաժանմունքին եւ Կաթողիկոսարանին ենթակայ բարեսիրական բազմաթիւ ծրագիրներուն ցուցաբերած անշեղ եւ նուիրական գործունէութեան համար Վեհափառ Հայրը անոր նուիրեց գեղեցիկ լանջախաչ մը։
Իւր հայրական պատգամին մէջ Վեհափառ Հայրապետը ըսաւ․ «Խաչը խորհրդանիշ է սիրոյ, ծառայութեան եւ նուիրումի։ Թող Ամենաբարին Աստուած բազմապատիկ վարձահատոյց ըլլայ ձեզի ձեր կատարած բարի եւ Աստուածահաճոյ գործերուն համար։ Կ՛աղօթենք, որ Աստուած ձեզի եւ ձեր ընտանիքին շնորհէ առողջ, երկար եւ երջանիկ կեանք՝ յաջողութիւններով օրհնուած»։
Լագիսեան ընտանիքը իր խորին եւ սրտագին գոհունակութիւնը կը յայտնէ Վեհափառ Հայրապետին այս եզակի եւ օրհնաբեր այցելութեան համար, մաղթելով անոր քաջառողջ եւ երկար կեանք՝ ի շահ Մայր Եկեղեցւոյ առաջնորդութեան։ Նոյեմբեր 12-ը անջնջելի օր մը պիտի մնայ Լագիսեան ընտանիքի յիշողութեան մէջ։