Այսօրուան աշխարհին մէջ, ուր բնապահպանական պատասխանատուութիւնը, ընկերային պարտաւորութիւնները եւ կառավարչական թափանցիկութիւնը այլեւս յաւելեալ արժէքներ չեն, այլ՝ անհրաժեշտ չափանիշներ, ընկերութիւններու կայուն զարգացման մօտեցումը կը դառնայ վստահելիութեան եւ երկարաժամկէտ յաջողութեան հիմնական ցուցիչը։ Այս համատեքստին մէջ «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ» ՓԲ ընկերութեան կողմէ կայուն զարգացման հաշուետուութեան հրապարակումն ու անոր երրորդ կողմի անկախ հաւաստիացումը կը ներկայանան որպէս պատասխանատու կառավարման օրինակ՝ ոչ միայն Հայաստանի, այլ նաեւ տարածաշրջանի մակարդակով։
Դիտարկում՝ կարեւորի մասին
2025 թուականի հոկտեմբերին «Զանգեզուրի պղնձամոլիբդենային կոմբինատ» ՓԲ ընկերութիւնը հրապարակեց 2024 թուականի հաշուետու տարուան կայուն զարգացման հաշուետուութիւնը՝ շարունակելով արդէն չորս տարի ձեւաւորուած աւանդոյթը։ Ընկերութիւնը հետեւողականօրէն կը պատրաստէ իր հաշուետուութիւնները՝ միջազգային ընդունուած չափորոշիչներուն համապատասխան, ինչ որ կը վկայէ կայուն զարգացման սկզբունքներուն հանդէպ հաստատուն եւ համակարգուած մօտեցումի մասին։
2024 թուականի հաշուետուութիւնը կազմուած է՝ հետեւելով նախապէս ստանձնուած պարտաւորութիւններուն եւ ընդգրկելով բնապահպանական, ընկերային եւ կառավարչական առանցքային ցուցանիշները։ Այս տարուան հաշուետուութեան առանձնայատկութիւնը անոր արտաքին՝ անկախ հաւաստիացումն է, որուն նպատակը ներկայացուած տուեալներու ճշգրտութեան, ամբողջականութեան եւ թափանցիկութեան երաշխաւորումն է երրորդ, անկախ կազմակերպութեան կողմէ։
Հաւաստիացման գործընթացը իրականացուած է «Գրանթ Թորնթըն Արմենիա» ընկերութեան կողմէ՝ ISAE 3000 միջազգային չափորոշիչին համաձայն։ Գնահատման ընթացքին հաշուի առնուած են նաեւ GRI, SASB եւ IFRS S2 միջազգային չափորոշիչներուն պահանջները, որոնք կը կարգաւորեն կայուն զարգացման հաշուետուութեան որակը եւ համադրելիութիւնը համաշխարհային փորձի հետ։
Մօտ երեք ամիս տեւած համապարփակ գնահատման արդիւնքով ձեւաւորուած եզրակացութիւնը կը հաստատէ, որ հաշուետուութիւնը հուսալի է նշուած չափորոշիչներուն շրջանակներուն մէջ։ Հաւաստիացման ընթացքին յայտնաբերուած աննշան բացթողումները օպերատիւ կերպով շտկուած են եւ հրապարակուած՝ «ԶՊՄԿ»-ի պաշտօնական կայքին վրայ, ինչ որ եւս մէկ անգամ կը շեշտէ ընկերութեան թափանցիկ գործելաոճը։
Այս առիթով «ԶՊՄԿ»-ի գլխաւոր տնօրէն Ռոման Խուդոլի ընդգծեց, որ ընկերութիւնը արդէն չորրորդ տարին անընդմէջ կը հրապարակէ կայուն զարգացման վերաբերեալ հաշուետուութիւն՝ հանդիսանալով այս ոլորտին առաջատարներէն մէկը Հայաստանի մէջ։ Ան նշաւորեց, որ հաշուետուութեան արտաքին հաւաստիացումը ոչ միայն համապատասխանութիւն մըն է համաշխարհային չափանիշներուն, այլ նաեւ առաջնորդութեան դրսեւորում՝ կայուն զարգացման ոլորտին մէջ։
Խուդոլիի խօսքով՝ Հայաստանի մէջ տակաւին շատ քիչ ընկերութիւններ կան, որոնք կամաւորաբար կը սահմանեն այդպիսի բարձր նշաձող հաշուետուականութեան եւ թափանցիկութեան առումով՝ անկախ իրենց ոլորտէն։ Ան շեշտեց նաեւ, որ վստահելիութեան անկախ հաւաստիացումը ձեւական ընթացակարգ մը չէ, այլ ընկերութեան խորքային նուիրուածութեան արտայայտութիւնն է իրական կայուն զարգացման նկատմամբ։
Վերջնաբան
«ԶՊՄԿ»-ի կայուն զարգացման հաշուետուութեան անկախ հաւաստիացումը կը փաստէ, որ ժամանակակից հանքարդիւնաբերութիւնը կրնայ եւ պէտք է զարգանայ պատասխանատու, թափանցիկ եւ միջազգային չափանիշներուն համահունչ ձեւով։ Այս մօտեցումը ոչ միայն կը բարձրացնէ ընկերութեան վստահելիութիւնը հասարակութեան եւ գործընկերներուն աչքին, այլ նաեւ կը նպաստէ Հայաստանի մէջ կայուն զարգացման մշակոյթի ձեւաւորման։
Երկարաժամկէտ հեռանկարով, նման նախաձեռնութիւնները կը դառնան ոչ թէ բացառութիւն, այլ օրինակելի չափանիշ այլ ընկերութիւններու համար՝ ապացուցելով, որ տնտեսական զարգացումը եւ կայուն ապագան կրնան քայլել մէկ ուղիով։
Նիւթը հրատարակութեան պատրաստեց՝ «Արեւելք»ը