Ֆրանսայի ազգային հանրային հեռուստաընկերութիւնը՝ France Télévisions-ը, յայտարարած է, որ պիտի չհիւրընկալէ «Մանկական Եւրատեսիլ 2026» երգի մրցոյթը՝ ֆինանսական դժուարութիւններու պատճառով։
«Մանկական Եւրատեսիլ 2025» երգի մրցոյթը, որու յաղթողը ֆրանսացի Լու Տելիոզն էր՝ «Ce Monde» երգով, տեղի ունեցաւ Վրաստանի մէջ դեկտեմբեր 13-ին: Մրցոյթի կանոններու համաձայն՝ Ֆրանսան պարտաւոր է յաջորդ տարի հիւրընկալել մրցոյթը:
Francetvpro-ի տուեալներով՝ տնօրէններու խորհուրդը հանդիպած եւ որոշում կայացուցած է ֆինանսական դժուարութիւններու պատճառով: Անոնք նշած են, որ հեռարձակող ընկերութիւնն ունի պիւտճէի զգալի պակասուրդ։
Ի դէպ, սա առաջին դէպքը չէ, երբ Փարիզը կը հրաժարի «Մանկական Եւրատեսիլ» երգի մրցոյթը հիւրընկալելէ: 2023 թուականին այն նոյնպէս հրաժարած է, եւ Սպանիան հիւրընկալած է մրցոյթը: Հետեւաբար, ներկայիս յայտնի չէ, թէ որ երկիրը պիտի հիւրընկալէ երգի մրցոյթը: