Սուրիոյ մէջ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման դիրքերու ուղղութեամբ ամերիկեան հարուածները պիտի շարունակուին քանի մը շաբթուան ընթացքին կամ մինչեւ մէկ ամիս։ Այս մասին յայտնած է NBC News-ը, յղում ընելով ամերիկացի երկու պաշտօնեաներու։
Պաշտօնեաներէն մէկու հաղորդմամբ՝ մեկնարկած գործողութեան նպատակը հարուածներ հասցնելն է այն շրջաններուն, ուր ահաբեկչական խմբաւորումը կը փորձէ վերականգնել իր ուժերը։ Գործողութիւնը միտուած է այդ խմբաւորումներու չէզոքացման ու անոնց տարածման կանխման։
NBC-ի աղբիւրներու տուեալներով՝ «Իսլամական պետութեան» ենթադրեալ տեղակայման վայրերուն հարուածներ հասցնելու համար ԱՄՆ-ը կիրառած է A-10 գրոհիչներ, F-16 կործանիչներ, Apache հարուածային ուղղաթիռներ եւ HIMARS համազարկային կրակի համակարգեր։ Գործողութեան աջակցութիւն ցուցաբերած են նաեւ Յորդանանի ռազմաօդային ուժերու F-16 ինքնաթիռները։