image
Հրատապ լուրեր:

Պաշշար Ասատ. Դէպի ռուսերէն լեզու եւ ակնաբուժութի՞ւն

Պաշշար Ասատ. Դէպի ռուսերէն լեզու եւ ակնաբուժութի՞ւն

Սագօ Արեան լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝

Երկար  ժամանակէ ի վեր  Պաշշար Ասատի  եւ անոր ընտանիքի  վարած կեանքին մասին տեղեկութիւններ եւ  տուեալներ կը պակսէին, մինչեւ  Բրիտանական  առաջատարներէն՝    The Guardian-ի կողմէ եղած  լրատւութիւնը։ Լուրին   հիմքն անշուշտ    կը կազմէ այն  տեղեկութիւնը, ըստ որուն Ասատ մտադիր է վերադառնալ,  դէպի իր մասնագիտական ոլորտ՝   ակնաբոյժ։ Ինչքանով   ճիշդ են այս տուեալները, տակաւին  պարզ չէ,  յստակ է սակայն, որ   նման  թերթ մը   պիտի խուսափէր   անճիշդ կամ նոյնիսկ ոչ ճշդուած լուրեր տարածելու  որոգայթներէն… 

Ահա լուրը մանրամասն ՝

Սուրիոյ նախկին նախագահ Պաշշար Ասատը եւ իր ընտանիքը, վարչակարգին տապալումէն մէկ տարի անց, Մոսկուայի մէջ կ՚ապրին շքեղ, սակայն մեկուսացած կեանք մը։

The Guardian-ի հրապարակման համաձայն՝ Ասատ ընտանիքը բնակութիւն հաստատած է Ռուբլեւքա անուանի  (այն կը համարուի մեծահարուստներու թաղամաս) թաղամասին մէջ, որու   հարեւանութեամբ կ՚ապրին նաեւ  Ուքրանիոյ  նախագահ Վիքթոր Եանուկովիչի նման դէմքեր։

Ընտանիքին հարստութիւնը, որ մեծաւ մասամբ Մոսկուա փոխադրուած է՝ Արեւմուտքի պատժամիջոցներէն խուսափելու նպատակով, անոնց կ՚ապահովէ նիւթական անկախութիւն։ Սակայն Պաշշար Ասատ խիստ վերահսկողութեան տակ կը գտնուի․ ռուսական կողմը կ՚արգիլէ իրեն քաղաքական կամ լրատուական որեւէ գործունէութիւն ծաւալել։

«Ասատ կրնայ հոս ապրիլ, բայց չի կրնար քաղաքականութեամբ զբաղիլ»,– յայտարարած է Իրաքի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան դեսպանը։

Հետաքրքրական է, որ նախկին ակնաբոյժ բժիշկ Պաշշարը կը վերադառնայ իր մասնագիտութեան։ Ընտանիքին մերձաւորներէն մէկը պատմած է, թէ ան ռուսերէն կը սորվի եւ կը թարմացնէ իր ակնաբուժական գիտելիքները՝ ընդգծելով, որ «ասիկա իր իսկական կիրքն է»։

Կինը՝ Ասմա  Ասատ, որ Մոսկուայի մէջ բուժուելով յաղթահարած է  արեան  քաղցկեղը՝ լիւքիմիան, ինչպէս նաեւ զաւակները՝ Հաֆէզը, Զէյնը եւ Քարիմը, կը վարեն խաղաղ ու փակ կեանք մը՝ այցելելով շքեղ խանութներ, մարզասրահներ եւ երբեմն ճամբորդելով դէպի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ։

Ասատներու կեանքը Մոսկուայի մէջ մեծաւ մասամբ մեկուսացած է թէ՛ սուրիական եւ թէ՛ ռուսական  վերին օղակի շրջանակներէն եւ անոնք արտաքին աշխարհի հետ շատ սահմանափակ կապեր ունին։