image
Հրատապ լուրեր:

«Սրբազան ոչ»ը. Գրեց՝ Ժան Հալլաճեան

«Սրբազան ոչ»ը. Գրեց՝ Ժան Հալլաճեան

Մհե՛ր ջան, անկեղծ ըլլալով ըսեմ՝ երանի՜ նոյն շունչով ըմբոստանայիր մահուան դէմ ա՛լ։ Ինչո՞ւ անզօր մնացիր եւ այսքա՜ն հեշտ յանձնուեցար մահուան անողորմ մագիլներուն, մոռնալով վաղեմի պայքարունակ ՈՉ-ի թնդիւնդ ի գործ դնել: 

Մհե՛ր ջան, ներողամիտ եղիր, որ պիտի խոցեմ այնքա՜ն խոնարհ եսդ՝ բարձրաձայնելով, որ վերջին տասնամեակներուն ՔԵԱ ճեմարանի դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու շէնշող անուններու ցանկին իւրայատուկ փայլք ու արեւ սփռեցիր անբասիր ընկերասիրութեամբդ ու հոգատար, անմրցելի երանգովդ։ 

 

Բնիկ Հալէպահայ եւ  երկար  ժամանակէ ի վեր Թորոնթօ  հաստատուած Ժան Հալլաճեան կը գրէ՝ 

Մհեր Միհրանեանի (Թահհան) յիշատակին

Մհեր Միհրանեանի անժամանակ առյաւէտ բաժանումը աշխարհիկ կեանքէն խոր վիշտով պատեց բոլոր անոնք, որոնք նոյնի՛սկ նուազագոյն ծանօթութեամբ աղերսուած էին վաղամեռիկ Մհերին հետ։ Ի՛սկ անոնք, որոնք մօտէն ճանչցած են ու գործակցած իրեն հետ, քաջանօթ էին անմրցելի, առիւծասիրտ յանդգնութեան եւ բաբախող ոչխարի խոնարհութեան արարող հոգիին:

Այսօր ընկերային համացանցը ողողուած է անձնաւորութեան մը ճառագայթող բազում ստորոգելիներու օրինակներով ու վկայութիւններով, յանձին՝ վաղամեռիկ Մհեր Միհրանեանի, անդրադառնալով իր կեանքին ու նկարագրային իւրայատկութիւններուն, վկայակոչելով այն բարեմասնութիւնները, որոնք կը կերտէին Մհեր դաստիարակը, հանրային սպասարկուն ու գաղափարապաշտ Դաշնակցականը: 

Դժուար պիտի ըլլայ հաւատաւոր ընկերոջ մը ամբողջական արժանիքները մարմնաւորել ցաւած հոգիով ու անկարողութեան համազօր վիշտով ծանրաբեռնուած: Ճիշդ այդ մէկուն համար, մահագրութեան թուղթը պիտի դժուարանամ լեցնել նախադասութիւններով, որոնք անպայման ժլատ պիտի ըլլան, արժանիօրէն ցոլացնելու մեր Սասունցի ընկեր Մհերը: 

Արդ, ոսկերչութենէն ուսումնական ասպարէզ հակիլը, օրին արժանացաւ խրախուսանքիս, քաջածանօթ ըլլալով ՀՅԴ Պատանեկան եւ Երիտատարդական միութիւններու մէջ իր կազմակերպական տաղանդաւոր ստորեգիլիներուն, նուիրումի ու անշահախնդիր ծառայութեան երանգին, յատկապէս մասնաւոր համարում կը տածէի իր հանդէպ, մէջը տեսնելով համադրողի ու հաւաքական գործի մակարդը առատօրէն սերմանող առաջատարի նկարագիրը, երբ իր անձովն իսկ օրինակելի ու մղիչ գործօն կը հանդիսանար, յատկապէս հանրային նախաձեռնութիւններու կազմակերպական աշխատանքներուն, ուղղ եւ ծուծով սատար հանդիսանալով անոնց յաջողութեան։

Հակառակ անոր, որ համալսարանական վկայականով չէր պսակադրուած, Ք.Ե.Ա. Ճեմարանի հաստատութեան հանդէպ տածած սէրը եւ կազմակերպական շեշտակի տաղանդը կը բաւէին, որ լաւագոյն թեկնածուն հանդիսանար՝ ի կատար ածելու դաստիարակի պաշտօնը: Ապագան վկայեց, որ չէինք սխալած մեր գնահատականներուն մէջ։ Մհերը, ո՛չ միայն արդարացուց իրեն վստահուած գործը, այլեւ իր անձնդիր նուիրումով զայն վերածեց ո՛չ միայն ասպարէզի ու հանապազօրեայ հացի ճանապարհի, այլեւ իր ընկերասիրութեամբ ու ծայր աստիճան հոգատար խառնուածքով խնամատար հանդիսացաւ աշակերտութեան լայն շրջանակին՝ դառնալով օրինակելի ու վստահելի տիպար դաստիարակ մը: 

Մհերին օրինակը այնքա՜ն վարակիչ էր նորահաս սերունդներուն համար, որ ապագային իր դաստիարակած սերունդներու ներկայացուցիչներէն շատեր իր բարեմասնութիւններով օժտուած նմանակ դառնալու ազնիւ փորձ կատարեցին, այսպիսով համարժէք արժանիքներով, ուշագրաւ ու շահեկան, ազդեցիկ աւագանի մը յայտնուեցաւ հանրային-ուսումնական մեր կեանքին մէջ։

Մհերը անցողիկ յաղթանականերու պճնանքին առթած նազանքով չէր արբենար։ Իր էութեամբ հաճոյալի թուելու ախտաւոր շաղակրատութիւնը կ՛ատէր միաժամանակ հեռաւորութիւն պահելով ունայն-ուռուցիկ ծափահարութիւններէ:

Ըմբոստ էր ու յանդուգն, մերժելով հաճոյանալի ըլլալու դիտաւորութեամբ գործ ղեկավարելը, նախընտրելով գէշ մարդու շապիկով յարդարուիլը, քան հլու եւ կոյր անսացող ըլլալը կամայական կարգադրութիւններու։ Իմ արժեւորումը՝ հոսանք ի վեր թիավարելու նկարագրային իր պահուածքը, բացասական երեւոյթ մը չէ, որովհետեւ խարսխուած է իր սեփական անաղարտ համոզումներուն վրայ, յագուրդ չտալու քուլիսներու ետին «յուշարարներու թելադրանքներուն»: 

Այսօր մեր հանրային կեանքին մէջ նօսրացած է այս առանձնայատկութիւնը: Գէշ մարդ չըլլալու բնաբանը համատարած երեւոյթ դարձած է, որուն հետեւանքով ալ առողջ քննադատութիւնը ու սեփական ուրոյն տեսակէտով հանդէս գալը, նոյնի՛սկ համապատասխան ժողովներու մէջ, գրեթէ չքացած են:

Շահանդուխտ ատենօք իր յօդուածին մէջ՝ «ԳԷՇ ՄԱՐԴ» ՉԸԼԼԱԼՈՒ ՎՆԱՍԱԲԵՐ ԿԵՑՈՒԱԾՔ (Ազդակ Օգոստոս 11, 2011, հետեւեալ տողերով կը ներկայացնէր այս ախտաւոր երեւոյթը.

««Գէշ մարդ չըլլալու» տրամադրութիւնները վնասաբեր աստիճանի հասած են մեր միութենական կեանքին մէջ, ուրկէ «կը զարգանայ» տկարանալը մեր միութենական կեանքին, որովհետեւ արդար ու ճշմարիտ խօսքի արդարամիտ անձերը հեռացած են ու հետզհետէ կը հեռանան: Միջակութիւնները իրաւունք ունին պարծենալու, թէ հասած են իրենց հետապնդած մակարդակին...»:

Գալով Մհերին, հալած իւղի պէս կուլ չէր տար որեւէ փոխանցում, իր ակնառու խիզախութեամբ ու հեզութեամբ անհատական տեսակէտը շեշտակի կը դրոշմէր իր պատասխանին հետ։ Ճիշդ այդ մէկուն համար շատերու գործը կը դժուարացնէր իր «Սրբազան ՈՉ»-ով:

Բայց երբ հարցը կուսակցական վերջնական ձեւաւորում ստացած որոշումի խնդիր էր, չանսալով Մշեցիի, Սասնա Ծռերի շառաւիղներու յորդորական ըմբոստ կանչին, ի հետեւում հայդուկապետ Սպաղանաց Մակարի արիութեան ու անոր յանդգնութեամբ լիացած, անսալով փոխանցումին՝ այդ որոշումը կը սեփականացնէր ու աննման խանդավառութեամբ կ՛անցնէր անոր լիիրաւ գործադրութեան, անկեղծ լիացումով տոգորելով եւ համակելով իր շրջապատը:

Մհե՛ր ջան, անկեղծ ըլլալով ըսեմ՝ երանի՜ նոյն շունչով ըմբոստանայիր մահուան դէմ ա՛լ։ Ինչո՞ւ անզօր մնացիր եւ այսքա՜ն հեշտ յանձնուեցար մահուան անողորմ մագիլներուն, մոռնալով վաղեմի պայքարունակ ՈՉ-ի թնդիւնդ ի գործ դնել: 

Մհե՛ր ջան, ներողամիտ եղիր, որ պիտի խոցեմ այնքա՜ն խոնարհ եսդ՝ բարձրաձայնելով, որ վերջին տասնամեակներուն ՔԵԱ ճեմարանի դաստիարակներու եւ ուսուցիչներու շէնշող անուններու ցանկին իւրայատուկ փայլք ու արեւ սփռեցիր անբասիր ընկերասիրութեամբդ ու հոգատար, անմրցելի երանգովդ։ 

Ճիշդ այդ մէկուն համար Յ. Թումանեանի այս տողերը, որպէս դափնի կ՛անցընեմ գերեզմանաքարիդ.

Մենք ամէնքս հիւր ենք կեանքում

Մեր ծննդեան փուչ օրից,

Հերթով գալիս, անց ենք կենում

Էս անցաւոր աշխարհից:

Անց են կենում սԷր ու խնդում,

Գեղեցկութիւն, գանձ ու գահ,

Մահը մերն է, մենք մահինը,

Մարդու գործն է միշտ անմահ։

Գործն է անմահ, լա՛ւ իմացէք,

Որ խօսւում է դարէ դար,

Երնէ՜կ նրան, որ իր գործով

Կ՛ապրի անվերջ, անդադար։

Կը յիշե՞ս, Մհե՛ր, վերջին մեր հանդիպումը այս տարուան Մարտին էր, երբ առիթով մը Թորոնթո կ՛այցելէիր՝ ալեհեր մայրդ տեսնելու: Օրին Խոնարհին ընկերակցութեամբ այցելեցիր նաեւ Արիս Պապիկեանի ընտրապայքարի գրասենեակը, հանդիպելու հոն հաւաքուած վաղեմի հալէպահայ հոյլ մը ընկերներու: Հոն, ջերմօրէն ողջագուրուեցանք ու առաջին խօսքդ յարելով ինծի ըսիր․ «Նորէն գործի վրայ ես, ընկե՛ր Ժանօ»: Պատասխանս մէկ էր, քիչ մը հիւմորով զադարուն՝ «Քեզմէ սորվեցանք այս ճանպարհը, ընկե՛ր Մհեր»: 

Իրողապէս, իր աշխատասիրութեան ու նուիրումի չափով ուսանելի կերպար էր Մհերը: 

Մհե՛ր ջան, անդէականէն անգամ շարունակէ՛ յաւերժօրէն բարձրաձայնել արդար ցասումդ մեր ընկերային կեանքի յոռի վարքերուն ի տես: Վստահ եղի՛ր, կառուցողական յորդորներովդ անպայման լսարան պիտի ունենաս, երբ ինչպէս միշտ, կը ներակայանաս անաչառ ու արդարադատ բալասանով՝ մեր հասարակական կեանքը խոտոր երեւոյթներէ սրբագրելու դիտաւորութեամբ:

Թող յաւերժ կեցցէ՛ օրինակելի նուիրական «Սրբազան ՈՉ»-դ։

Սգակիր ընկերդ՝

Ժան Հալլաճեան

Թորոնթո, 14 Նոյեմբեր 2025