image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը գումարեց իր Ընդհանուր Ժողովը

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը գումարեց իր Ընդհանուր Ժողովը

Օրերս Հալէպի մէջ եւ նախագահութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, գումարուած է համայնքի տարեկան Ընդհանուր Ժողովը։ 

Ասոր մասին «Արեւելք» իմացաւ համայնքի պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ տրուած լրատւութիւնը՝ 

Նախագահութեամբ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի, Շաբաթ, 13 Դեկտեմբեր 2025-ին, կէսօր ժամը 12:00-ին, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետարանի «Թեհլիրեան» սրահէն ներս գումարուեցաւ 2025 տարեշրջանի Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքային Ընդհանուր Ժողովը։

Տարեկան դրութեամբ գումարուող այս ժողովին մասնակցութիւն ունեցան Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներու հովիւները, ինչպէս նաեւ համայնքին ենթակայ կազմակերպութիւններու, բարեսիրական եւ կրթական հաստատութիւններու պաշտօնական պատուիրակները։

Միօրեայ Համայնքային Ընդհանուր Ժողովը բացուեցաւ Համայնքապետ Վերապատուելիի բացման աղօթքով եւ ողջոյնի խօսքով։ Այնուհետեւ Վերապատուելին ներկայացուց հոգեւոր խորհրդածութիւն ՝ «Վերանորոգում» խորագրով, հիմնուած Սաղմոս 51.10 եւ Եսայի 58.10–12 հատուածներուն վրայ։ Իր խօսքին մէջ ան ընդգծեց, որ վերանորոգումը չի սահմանափակուիր միայն տարածքային ազատագրումով կամ տօնախմբութիւններով, այլ նախ եւ առաջ կը վերաբերի խօսքի ազատութեան՝ առանց վերապահումներու, ի նպաստ համայնքի կառուցման, վերաշինութեան եւ բարեկեցութեան։

Վերապատուելին շեշտեց, որ արտաքին վերանորոգման հիմքը ներքին վերանորոգումն է, ինչպէս նաեւ խորունկ եւ հեղինակային դրդապատճառը, որ կը սնուցէ համայնքային վերակազմաւորումը։ Ան նշեց, թէ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքը ունի վերանորոգման իր չափանիշը․ եթէ անցեալին վերականգնումը կեդրոնացած էր քանդուած եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու վերանորոգման վրայ, այսօր հոգեւոր վերականգնումը առաջնահերթ է՝ որպէս բուժիչ ներկայութիւն անհատի եւ ընտանիքի կենցաղին մէջ։

Խորհրդածութենէն ետք, պաշտօնապէս բաց յայտարարուեցաւ Ընդհանուր Ժողովը։ Ժողովի ընթացքին Համայնքապետ Վերապատուելին ներկայացուց իր միամեայ գործունէութեան համապարփակ զեկոյցը՝ անդրադառնալով իրականացուած աշխատանքներուն, նոր յանձնառութիւններուն եւ դիմագրաւուած մարտահրաւէրներուն։

Այնուհետեւ ներկայացուեցան միամեայ տեղեկագիրներ՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական եկեղեցիներէն, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Կրթական Խորհուրդէն, Ընկերային Ծառայութենէն, Քրիստոնէական Ջանից Գործադիր Մարմինէն, Հայ Ծերանոցէն, «Արեւիկ» Կեդրոնէն եւ Աչազուրկներու Յառաջդիմասէր Միութենէն։

Իւրաքանչիւր տեղեկագիրի ընթերցումէն ետք ժողովականները ներկայացուցին իրենց դիտարկումները, հարցումները եւ առաջարկները։ Ժողովը մանրամասն քննարկեց համայնքի ներկայ իրավիճակը, արժեւորեց եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու մէջ արձանագրուած դրական ձեռքբերումները, ինչպէս նաեւ բացայայտեց առկայ մարտահրաւէրները՝ յատկապէս երկրի ընդհանուր իրավիճակէն բխող դժուարութիւնները։

Վերապատուելի Համայնքապետը նաեւ ներկայացուց համայնքի յառաջիկայ ծրագիրներն ու տեսլականը՝ շեշտելով, որ անգամ դժուար եւ անսպասելի պայմաններու մէջ, Աստուծոյ առաջնորդութիւնն ու ողորմութիւնը կը շարունակեն ըլլալ համայնքի յոյսի եւ տոկունութեան աղբիւրը։

Ժողովի ընթացքին տեղի ունեցաւ Համայնքապետի եւ Համայնքային Գործադիր Մարմինի անդամներու ընտրութիւն։

Մ.Ա.Հ.Ա.Ե. Միութեան նախագահի տեղապահ Վեր. Դոկտ. Փօլ Հայտոսթեան ժողովին մասնակցեցաւ առցանց տեսակապով։ Առ այդ, Վերապատուելի Դոկտ. Հայտոսթեան ուղղեց իր շնորհաւորաւական խօսքը Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանին, իբրեւ Սուրիոյ Հայ Աւեատարանական Համայնքի պետի վերընտրութեան բարեբաստիկ առիթով։ Ան բարձր գնահատեց Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի նուիրեալ եւ հետեւողական ծառայութիւնը՝ զայն նկատելով տարիներու հաւատարմութեան, տոկունութեան եւ յոյսով լեցուն լաւատեսութեան կենդանի վկայութիւն։ Ան անդրադարձաւ նաեւ եկեղեցիներու առջեւ ծառացած համընդհանուր մարտահրաւէրներուն՝ շեշտելով, որ այդ փորձութիւնները միաժամանակ կոչ են վերանորոգման եւ խորացման։

Վեր. Դոկտ. Հայտոսթեան ընդգծեց, թէ ազգովին կը գտնուինք ոչ սովորական եւ բարդ կացութիւններու մէջ, յատկապէս Սուրիոյ պարագային։ Սակայն, ան իր խորին գոհունակութիւնը յայտնեց Աստուծոյ նկատմամբ՝ Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի վկայութեան համար՝ հոգեւոր, կրթական, առողջապահական եւ մարդասիրական բնագաւառներուն մէջ։ Իր խօսքին համաձայն, այս ծառայութիւնները կը շարունակեն ծառայել ոչ միայն անհատ մարդուն, այլ նաեւ ամբողջ հաւաքականութեան կերտումի, վերականգնումի եւ ապագայի հաւատքով կառուցումի։

Իր պատգամը ան աւարտեց Աստուծոյ առաջնորդութեան եւ պահպանութեան հայցումով՝ մաղթելով խաղաղութիւն, ապահովութիւն եւ նոր ուժ բոլորին, յատկապէս Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքին։

Ժողովի աւարտին, Համայնքապետ Վերապատուելին իր փակման խօսքին մէջ գոհունակութեամբ անդրադարձաւ փոխանցուած տեղեկագիրներուն եւ իրականացուած աշխատանքներուն, շնորհակալութիւն յայտնեց գործակից եկեղեցիներուն եւ համայնքի բոլոր սպասարկուներուն՝ մաղթելով բարեբեր եւ Աստուծոյ օրհնութիւններով լի գալիք շրջան։

Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքային Ընդհանուր Ժողովը իր աւարտին հասաւ Մ.Ա.Հ.Ա.Ե.Մ.ի նախագահի տեղապահ Վեր. Փօլ Հայտոսթեանի առաքելական օրհնութեամբ։