image

Կիպրոսի հարց. Ինչքանով խնդրի լուծումը կախեալ է «State» բառի «վերլուծութիւն»էն . Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանի գրառումը

 Կիպրոսի հարց.  Ինչքանով խնդրի լուծումը կախեալ է  «State» բառի «վերլուծութիւն»էն . Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեանի գրառումը

 

 Կիպրահայ  համայնքային գործիչ՝ Տօքթ. Անդրանիկ Աշճեան կը գրէ՝

 

Օրերս Կիպրոսի երկու հատուածներու նախագահներուն միջեւ տեղի ունեցա հանդիպումը, թէեւ ցնցիչ արդիւնքներ չտուաւ, սակայն  կրնանք ըսել, որ յոյսի նշոյլներ երեւցան։

Կիպրոսի Հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Խրիստոտուլիտիսի (որ տէ ֆաքթօ ճանչցուած յոյն կիպրացի համայնքի ղեկավարն է), եւ թուրք կիպրացի համայնքի ղեկավար Թուֆան Էրհիւրմանի (որ չճանչցուած «Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութեան» նախագահն է) միջեւ կայացած առաջին հանդիպումը անցած է սիրալիր մթնոլորտի մէջ, ՄԱԿի Կիպրոսի խաղաղապահ ուժերու հովանիին տակ:

Երկու ղեկավարները տարբեր օրակարգով ու առաջնահերթութիւններով ներկայացան, եւ ի վերջոյ հանդիպումէն դուրս եկան չորս համաձայնուած կէտերով։

Առաջին, իրենց բանագնացներուն միջեւ գործնական հանդիպումները յաճախակի դարձնել, նախապատրաստուիլ յաջորդ հանդիպման` դեկտեմբերի մէջ, ՄԱԿի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ բանագնաց Մարիա Անխելա Օլկինի ներկայութեան

Երկորդ, սպասել Օլկինի Աթէնք եւ Անգարա կատարելիք այցելութիւններու արդիւնքին։

   Երրորդ Խրիստոտուլիտիսի միակ ակնկալութիւնը կը հանդիսանայ Կիպրական Հարցի լուծման գործընթացի բանակցութիւններու վերսկսիլը, այն հանգրուանէն ուր անոնք կանգ առին 2017-ին, Ջուիցերիոյ Քրան Մոնթանա արուարձանին մէջ: Այսինքն, արդէն «փակ» համարուող հարցերը նկատել որպէս վերջնական եւ կեդրոնանալ մնացեալ, աւելի բարդ ու «փշոտ» հարցերուն` օտար զօրքեր, պետական երաշխիքներ, յետ-լուծման տարբերութիւնները հանգուցալուծող մեքանիզմներ:

Եւ այս բոլորը, առանց շեղելու Երկ-Շրջանային, Երկ-Համայնքային Դաշնութեան (Bizonal Bicommunal Federation) խիստ սկզբունքէն, ուր այդ դաշնութեան բաղկացուցիչ «պետութիւններ»ը ներքին կառավարման անկախութիւն պիտի ունենան, սակայն մէկ միջազգային դիմագիծ եւ մէկ պաշտպանական համակարգ:

 

Էրհիւրման կարծես աւելի պատրաստուած ներկայացաւ, չորս կէտերու փաթեթով մը.

ա. Երկու համայնքներու քաղաքական հաւասարութեան սկզբունքը ընդունուի եւ բանակցութեան առարկայ չդառնայ

բ. Բանակցութիւնները յստակ ժամանակակէտ ու վերջնակէտ ունենան

գ. Նախապէս համաձայնուած բոլոր կէտերը նկատուին փակուած

դ. Յստակ երաշխիքներ ըլլան, յաջողութեան կամ ձախողութեան պարագաներուն համար:

Էրհիւրման նաեւ կ’առաջարկէ փոխադարձ վստահութիւնը ամրապնդող զանազան քայլերու կիրառումը, ներքին եւ երկկողմանի երկխօսութեամբ, առանց ՄԱԿի կամ այլ հովանաւորողներու միջնորդութեան անհրաժեշտութեան:

 

Երկուստեք կա´յ բանակցութեան եւ եզրահանգումի բարի նպատակ, սակայն տասնամեակներու վրայ երկարող Կիպրոսի Հարցի լուծման նման գործընթացները միշտ սկսած են լաւատեսութեամբ եւ աւարտած` ձախողութեամբ, ներքին կամ արտաքին գործօններու պատճառով: 

Կը մնայ դիտարկել, թէ այս անգամին 60-ամեայ այս խնդիրը պիտի ընթանա՞յ դէպի համաձայնուած եւ մանաւանդ երաշխաւորուած եւ կիրառելի լուծում մը:

 

Անձնապէս կը տեսնեմ թէ «state» բառի մոխրագոյն վերլուծումը կրնայ հանդիսանալ որպէս երկու կողմերու միջեւ հանդիսացող մեծագոյն փուշը: Անգլերէնով «state» բառը կրնայ յունարէնի, թրքերէնի, նոյնիսկ հայերէնի մէջ ունենալ տարբեր կամ զանազան մեկնութիւններ:

Էրտողան եւ նախորդ թուրք կիպրացի ղեկավար Թաթար միշտ կը հոլովէին «two state solution», յստակօրէն այլ քաղաքական քոնթէթստով, մինչ այսօր Էրհիւրման նոյն պարբերութիւնը կ’օգտագործէ ամբողջացնելով, թէ կը ձգտի դաշնութեան կամ դաշնային լուծումին:

ԱՄՆ կամ Զուիցերիական հասկացողութեամբ, «state» կը նշանակէ «ներքին միաւոր ֆետերալ համակարգի մէջ։ Ինքնուրոյն կառավարութիւն ունի, բայց անկախ պետականութիւն չէ եւ միջազգային ինքնուրոյն ստատուս չունի։»

Եւրոպական հասկացողութեամբ, նոյն բառը կը նշանակէ ինքնուրոյն, լիովին գերիշխան երկիր։

Կիպրոսի պարագային, թէ յոյն կիպրացի կողմին եւ թէ ալ ՄԱԿի, Եւրոմիութեան ու միջազգային հանրութեան ընկալածն ու առաջ քշածը ամերիկեան կամ զուիցերիական տարբերակին կը յենի:

Էրտողանի ու անոր ենթակայ Թաթարի ձգտածը կը յենէր նո´յն բառի եւրոպական ըմբռնումին, մինչ այսօր Էրհիւրման երկու տարբերակներուն մէջտեղը կանգնած է, յուսալով որ կը գոհացնէ իր ընտրազանգուածն ու միջազգային հանրութիւնը, միաժամանակ սիրաշահելով Էրտողանը:

Ահա, Կիպրական Հարցը այսօր կախուած է այս բառի իսկական վերլուծաբանութեան վրայ,զոր երկու կողմերը պիտի գործածեն որպէս բանակցութեան խաղաքարտ: