Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Եգիպտոսի Արաբական Հանրապետութեան միջեւ միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովի 6-րդ նիստին մասնակցելու նպատակով դեկտեմբեր 20-23-ը Գահիրէ պիտի գործուղուի հայկական պատուիրակութիւնը։
Պատուիրակութեան կազմին մէջ ընդգրկուած են՝
1) Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեանը եւ նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետ Ժագ Յակոբեանը,
2) Տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարարութեան արտաքին կապերու վարչութեան պետ Լիլիթ Սարոյեանը,
3) Բարձր արհեստագիտական արդիւնաբերութեան նախարարութեան միջազգային համագործակցութեան վարչութեան պետի պարտականութիւնները կատարող, երկկողմ համագործակցութեան բաժնի պետ Էլիզ Գէորգեանը,
4) Արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Ափրիկէի վարչութեան Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հիւսիսային Ափրիկէի բաժնի պետ Դաւիթ Միրզախանեանը,
5) Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարզանքի նախարարութեան արտաքին կապերու եւ սփիւռքի վարչութեան միջազգային համագործակցութեան եւ սփիւռքի հետ կապերու բաժնի պետ Անգելինա Յովհաննիսեանը,
6) Առողջապահութեան նախարարութեան միջազգային յարաբերութիւններու վարչութեան օտարերկրեայ ներդրումներու ներգրաւման բաժնի պետ Յասմիկ Սաֆարեանը,
7) Վարչապետի աշխատակազմի արտաքին կապերու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Ալիսա Հայրապետեանը։
Որոշումը դեկտեմբեր 18-ին ստորագրած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը։