Հալէպի մէջ, օրերս, կազմակերպութեամբ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի Շրջանային վարչութեան բացումը կատարուած է միութեան աւանդական Ամանորեան ցուցահանդէս-վաճառքին։
Ստորեւ «Արեւելք»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք այդ մասին «Գանձասար»ի հաղորդագրութիւնը՝
Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մակար արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՍՕԽ) Շրջանային վարչութեան, Երեքշաբթի, 25 Նոյեմբերին բացումը կատարուեցաւ միութեան աւանդական Ամանորեան ցուցահանդէս-վաճառքին, «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային տան «Լ.Շանթ» սրահին մէջ:
Սրահը մուտքէն իսկ յարդարուած էր գունագեղ զարդերով, լոյսերով եւ զուգահեռ շարք մը սեղաններով, որոնք կ՛առաջնորդէին մինչեւ Ամանորեան տօնածառն ու շքեղօրէն զարդարուած անկիւնը:
Ցուցահանդէսին իրենց մասնակցութիւնը բերած էին նստավայրի երեք մասնաճիւղերը՝ «Անի»ն իր տուրմերով, «Նայիրի»ն իր չիրերով եւ «Սեւան»ը իր պրիոշով ու հալվայով: Քեսապի «Գետաշէն» մասնաճիւղի ընկերուհիները նոյնպէս ներկայացած էին Հալէպ իրենց սեղանը գրաւելու եւ Քեսապի բնութեան արտադրանքներով հարստացնելու սոյն ցուցահանդէսը: Ճոխացած անկիւն մը գրաւած էին կողք-կողքի գտնուող «Փեթակ» խոհանոցի եւ «Շիրակ» պաշարի տան սեղանները:
Հրապուրիչ երանգներով սփռուած էին Աշխատանոցի արտադրանքն ու Ձեռարուեստի գունագեղ ապրանքը, մանաւանդ Վանի, Սվազի, Այնթապի ու Մարաշի անզուգական ձեռագործները: Մասնակցութիւն բերած էր նաեւ ՍՕ Խաչի «Կակաչ» մանկամսուրը՝ մանկական զարդարուած քաղցրաւենիքի լայն տեսականիով մը:
Ցուցահանդէսի բացման արարողութիւնը ընթացք առաւ ժամը 11։ին, ներկայութեամբ Արմէն աբղ. Գալաճեանի, ՀՕՄի Կեդրոնական վարչութեան անդամ Սիրան Ամպարճեանի, Ազգային իշխանութեան եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն, մասնաճիւղերու վարչութիւններուն եւ շրջանային յանձնախումբերուն:
Շրջանային վարչութեան անդամ Սեդա Կէրկէրեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն՝ փառք տուաւ Աստուծոյ, որ այս տարի ՍՕ Խաչի մեծ ընտանիքը կրցաւ դարձեալ համախմբուիլ, իրականացնելով միութեան սպասուած այս ցուցահանդէսը, որ արտացոլանքը կը հանդիսանայ դարէ դար ժառանգուած ազգային աւանդութիւններուն, սովորութիւններուն եւ բծախնդիր աշխատանքներուն՝ միութիւնը առաջատարը պահելով աւանդութիւններու վերակենսաւորման գործին՝ վեհափառ հայրապետին հռչակած կոնդակին լոյսին տակ:
Կէրկէրեան դիտել տուաւ, որ բացման հանդիսութեան մաս պիտի կազմեն նաեւ «Կակաչ» մանկամսուրի փոքրիկները, որոնք պիտի դառնան արժանավայել ժառանգորդները մեր աւանդութիւններուն եւ մշակոյթին, զանոնք իրենց կարգին փոխանցելով յաջորդներուն։ Ապա տօնական բարեմաղթութիւններով հրաւիրեց փոքրիկները ներկայացնելու իրենց պատրաստած ամանորեան արտասանութիւններով, երգով ու պարով յագեցած յայտագիրը՝ յանձնախումբին բեմավարութեամբ:
Ձեռարուեստի յանձնախումբէն Անժելիք Գազանճեան հակիրճ խօսքով մը անդրադարձաւ հայկական ասեղնագործութեան իւրայատկութիւններուն եւ մանաւանդ Կիլիկիոյ շրջանի գաւառային հարստութիւններուն՝ Մարաշի, Վանի, Այնթապի, Քիլիսի եւ Ուրֆայի աշխատանքներուն եւ անոնց ներկայացուցած արժէքներուն, անգամ մը եւս հաստատելով որ ՍՕ Խաչը պիտի շարունակէ իր առաքելութիւնը, որոնելով եւ պատրաստելով այս գործերուն վարպետները:
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ Չորեքշաբթի եւ Հինգշաբթի օրերը՝ աշխոյժ եռուզեռով, մատչելի վաճառքով ու անակնկալներով: Իւրաքանչիւր օրուան համար պատրաստուած էին նաեւ ամանորեան աշխատանոցներ, շէֆ Քամալ Պլպոլի եւ Լարուշ Սուիթի մասնակցութեամբ, որոնք ներկայացուցին քաղցրեղէնի պատրաստութեան գաղտնիքներն ու նորագոյն բաղադրատոմսերը:
Ցուցահանդէսը իր աւարտին հասաւ Հինգշաբթի երեկոյեան Կաղանդ պապուկին այցելութեամբ եւ նուէրներու բաշխման ճոխ յայտագիրով մը: