Հայաստանի մէջ կատարուած է առաջին ռոպոթային վիրահատութիւնը, դիմատետրեան իր էջին գրած է Երեւանի պետական բժշկական համալսարանի տնօրէն Արմէն Մուրադեանը։
Ռոպոթային վիրաբուժութիւնն առաջին անգամ կիրառուած է «ՍլավՄեդ» բժշկական կեդրոնին մէջ, ուր կատարուած է միզաբանական ռոպոթիք վիրահատութիւն՝ երիկամի մասնահատում։
«Ուրախ եմ ու հպարտ, որ առաջին ռոբոտային վիրահատութիւնը հենց ուրոլոգիական է եղել։ Վիրահատութիւնն իրականացուել է բարեյաջող»,- գրած է Մուրադեանը՝ նշելով, որ վիրահատական միջամտութիւնն իրականացուցած է միզաբան Մհեր Մխիթարեանը։