image

Մեծ արկած Երեւան-Երասխ ճանապարհին. Զոհուածը երեխայ է

Մեծ արկած Երեւան-Երասխ ճանապարհին. Զոհուածը երեխայ է

Յուլիս 27-ին, ժամը 19։24-ին Արարատի մարզային փրկարարական վարչութեան ճգնաժամային կառավարման կեդրոն ահազանգ ստացուած է, որ Երեւան-Երասխ ճանապարհին՝ Արեւաբոյր գիւղի կամուրջի մօտակայքը, տեղի ունեցած է ինքնաշարժի արկած, կայ տուժած. անհրաժեշտ է փրկարարներու օգնութիւնը։ Յայտնած են ՀՀ ՆԳՆ փրկարար ծառայութենէն:

Դէպքի վայր մեկնած է ՆԳՆ ՓԾ մարզային փրկարարական վարչութեան հրշէջ-փրկարարական ջոկատէն մէկ մարտական հաշուարկ։

Պարզուած է, որ Երեւան-Երասխ ճանապարհին «Ford» մակնիշի մեքենան (վարորդ` Ա. Խ.,1993-ի ծնունդ) հարուածած է ճանապարհի երկաթեայ արգելապատնէշին։

Մինչ փրկարարներու դէպքի վայր հասնիլը՝ Ա․ Խ․-ն եւ ուղեւոր Մ․ Կ․-ն (2018-ի ծնունդ) տեղի ուժերով տեղափոխուած են Արտաշատի հիւանդանոց, ուր վերջինս գիտակցութեան չգալով մահացած է, իսկ Ա. Խ․-ն տեղափոխուած է Երեւանի «Էրեբունի» հիւանդանոց:

Փրկարարները հեռացուցած են մեքենային մէջ յայտնուած երկաթեայ արգելապատնէշը եւ մեքենան տեղափոխած քարշակի վրայ։