image
Հրատապ լուրեր:

Երուսաղէմի մէջ 9-ամեայ հայ երեխայի վրայ յարձակում գործուած է․ գործը փակուած է առանց ձերբակալութեան

Երուսաղէմի մէջ 9-ամեայ հայ երեխայի վրայ յարձակում գործուած է․ գործը փակուած է առանց ձերբակալութեան

Երուսաղէմի մէջ Եոմ Քիփուրի տօնին 9-ամեայ հայ երեխայի մը ուղղութեամբ պղպեղի սփրէյ ցանուած է։

Իսրայէլական Channel 13-ի լրագրող Եոսի Էլին X-ի իր էջին վրայ յայտնած է, որ Ուիլիըմ անունով տղան Երուսաղէմի Մամիլա թաղամասին մօտ հեծանիւ կը քշէր՝ ականջակալներով երաժշտութիւն լսելով։ Լրագրողին հաղորդմամբ՝ խումբ մը երիտասարդներ սպառնալիքներով մօտեցած են երեխային եւ պահանջած՝ հանել ականջակալները, ապա անոր ուղղութեամբ պղպեղի սփրէյ ցանած են։

Լրագրողը հրապարակած է նաեւ տեսագրութիւններ, որոնց մէջ երեխան շտապօգնութեան ինքնաշարժին մէջ բժշկական օգնութիւն կը ստանայ։ Ան յարձակողները ներկայացուցած է որպէս հրեայ ծայրայեղականներ։

Լրագրողին տեղեկութիւններով՝ ասիկա երեխային նկատմամբ երկրորդ յարձակումն է։ Առաջին դէպքին ժամանակ Ուիլիըմին հետ եղած է հայրը եւ պաշտպանած զայն, իսկ այս անգամ երեխան առանձին եղած է։

Ուիլիըմի մայրը լրագրողին պատմած է, որ դէպքէն ետք որդին դժուարութեամբ կը քնանայ եւ կը վախնայ արտաքինով հրեայ կրօնաւորներու նմանող անձերէ։

Լրագրողը կը պնդէ, որ միջադէպը արձանագրուած է ապահովութեան տեսախցիկներուն կողմէ, սակայն ոստիկանութիւնը գործը փակած է՝ առանց որեւէ մէկը ձերբակալելու։