image

Մեր միակ նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն է. Միլլըր

Մեր միակ նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն է. Միլլըր

Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան խօսնակ Մեթիու Միլլըր անդրադարձած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Լաւրովի՝ «Ռուսիան համաշխարհային քաղաքականութեան մէջ» կայքին մէջ հրապարակած յօդուածին։ Մեկնաբանելով պնդումը, թէ Միացեալ Նահանգները եւ Եւրոպական Միութիւնը կը խառնուին Հարաւային Կովկասի գործերուն, որ դուրս մղեն Ռուսիան՝ ան ըսած է․

«Այդ բացարձակապէս ճիշդ չէ: Մեր միակ նպատակը Հարաւային Կովկասի մէջ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի յարաբերութիւններուն մէջ կայուն խաղաղութեան եւ կայունութեան ապահովումն է եւ, ի հարկէ, Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի մարդասիրական կարիքներու եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ապահովումը»։ 

Ան նշած է, որ յատուկ բանագնաց Պոնոյի՝ Պաքու այցի հետ կապուած այլ մեկնաբանութիւններ չունի։