Ռուսիոյ Դաշնութեան արտաքին գործոց փոխնախարար Սերգէյ Ռիապքով յայտարարած է, որ Ռուսիան ոչ մէկուն կը սպառնայ միջուկային զէնքի կիրառմամբ, հաղորդած է «ՌԻԱ Նովոստի»ն։
Դիւանագէտի խօսքով՝ արեւմտեան երկիրները աշխոյժօրէն կ'օգտագործեն այդ հռետորաբանութիւնը՝ փորձելով ներկայացնել, որ Մոսկուան պատրաստ է միջուկային զէնքով հարուածներ հասցնելու։
«Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու առընթեր Միացեալ Նահանգներն ու անորմէ կախում ունեցող պետութիւնները կը շրջանառեն միջուկային հռետորաբանութիւնը։ Անոնք կը փորձեն այնպէս ներկայացնել, իբրեւ մեր երկիրը կը պատրաստուի հարուածել զանգուածային ոչնչացման զէնքերով։ Եւս մէկ անգամ հարկ է բացատրել, որ Ռուսիան ոչ ոքի կը սպառնայ միջուկային զէնքի կիրառմամբ», -ըսած է Ռիապքով։
Անոր խօսքով, միջուկային զէնքի կիրառման պայմանները յստակ սահմանուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան պետական քաղաքականութեան հիմունքներու մասին փաստաթուղթով։ Ռուսիա կրնայ միջուկային զէնք օգտագործել Ռուսիոյ Դաշնութեան կամ անոր դաշնակիցներու տարածքի վրայ պալիսթիք հրթիռներու արձակման մասին հաւաստի տուեալներ ստանալու պարագային։ Բացի այդ, նման զէնք կրնայ կիրառուիլ ճգնաժամային կարեւորութեան պետական կամ ռազմական կառոյցներու վրայ հակառակորդի ազդեցութեան պարագային, որոնց շարքէն դուրս գալը կը խաթարէ միջուկային ուժերու արձագանգը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ դէմ յարձակման եւ հասարակ զէնքի կիրառման պարագային, եթէ այն կը վտանգէ պետութեան գոյութիւնը։