Հայրենական մեծ պատերազմը փոխեց աշխարհաքաղաքական հաւասարակշռութիւնը Ասիոյ եւ Եւրոպայի մէջ։ Այս մասին Ատրպէյճանի մէջ «յաղթանակի շքերթ»ի ժամանակ յայտարարած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Էրտողանը։
Ան յայտարարած է, որ Թուրքիան այդ յաղթանակը կը դիտարկէ ոչ թէ որպէս վերջնական նպատակ, այլ որպէս Կովկասի մէջ խաղաղութեան ճանապարհի սկիզբ:
«Մենք չափազանց լաւատես ենք կայուն խաղաղութեան հարցով։ Այդ ուղղութեամբ Իլհամ Ալիեւի ձեռնարկած քայլերն արժանի են հաւանութեան։ Մենք կը հետեւինք նաեւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ ձեռնարկուող համարձակ քայլերուն»,-ըսած է Էրտողան։