image

Մենք կանգնած ենք ձեր ժողովուրդի կողքին. ԱՄՆ քոնկրէսականներու ուղերձը՝ Արցախի անկախութեան օրուայ առթիւ

Մենք կանգնած ենք ձեր ժողովուրդի կողքին. ԱՄՆ քոնկրէսականներու ուղերձը՝ Արցախի անկախութեան օրուայ առթիւ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբի անդամներ Ֆրենք Փալոն, Կաս Պիլիրաքիս, Ճեքի Սփիր, Տէյվիտ Վալտաոն եւ Ատամ Շիֆ շնորհաւորական ուղերձ յղած են Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանին Արցախի անկախութեան 31-ամեակի առիթով:

Ուղերձին մէջ մասնաւորապէս ըսուած է.

«Նախագահ Յարութիւնեան, կը շնորհաւորենք Ձեզ եւ Արցախի ժողովուրդը անկախութեան 31-ամեակի առիթով: Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսի հայկական հարցերով յանձնախումբն իր աջակցութիւնը կը յայտնէ եւ կանգնած է ձեր ժողովուրդի կողքին, քանի որ դուք անհաւանական տոկունութեամբ կը դիմակայէք Ատրպէյճանի սպառնալիքները եւ շարունակուող մարտահրաւէրները:

Մենք Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը կը մղենք, որ բոլոր հասանելի դիւանագիտական գործողութիւններով ատրպէյճանական եւ թրքական ռեժիմները պատժուին 2020 թուականին Արցախի դէմ յարձակման եւ մինչ օրս շարունակուող մահաբեր գործողութիւններու համար: Մենք Պայտընի վարչակազմին կոչ կ'ընենք նշանակալի աջակցութիւն յատկացնելու Արցախէն տեղահանուած եւ Հայաստան հաստատուած ընտանիքներուն եւ անոնց, որոնք քաջաբար կը մնան ձեր երկրին մէջ այդ մահաբեր յարձակումներէն ետք: Այս հակամարտութիւնը կ'ընդգծէ միջազգային դերակատարներու կողմէ նախագահ Ալիեւի վրայ ճնշում գործադրելու խիստ անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի վերջինս դադրեցնէ մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ բարեխղճօրէն վերադառնայ բանակցութիւններու սեղան: Բացի այդ, մենք կը կարեւորենք Արցախի ժողովուրդի ուղիղ մասնակցութիւնը երկրի տարածքային ամբողջականութեան, միջազգային կարգավիճակի եւ կայուն ու տեւական խաղաղութեան վերաբերեալ բանակցութիւններուն: Մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան եւ Ձեր վարչակազմի միջեւ պաշտօնական փոխգործակցութեան հաստատմանն աջակցելուն եւ անհամբերութեամբ կը սպասենք Ձեր հետ աշխատանքին Արցախի վերափոխման ուղղութեամբ:

Եւս մէկ անգամ ընդունեցէք մեր անկեղծ շնորհաւորանքները այս կարեւոր օրուան առթիւ: Մենք ամբողջապէս կ'աջակցինք ձեր երկրին»: