Բաւական բարդ համապատկերի մը մէջ է, որ կը դիմաւորենք Հայաստանի Հանրապետութեան 35-ամեակը։
Հայաստանը իր անկախութեան 35 տարիները ապրեցաւ ոչ թէ հանգիստ ու հարթ ճանապարհով, այլ՝ փորձութիւններու, պատերազմներու եւ ծանր վերիվայրումներու ընդմէջէն։
1991 թուականին անկախութիւնը ձեռք բերելէ ետք, մեր երկիրը ստիպուեցաւ միաժամանակ կառուցել նոր պետութիւն մը եւ առերեսուիլ պատերազմի, շրջափակման ու տնտեսական փլուզման։ Անցան «մութ ու ցուրտ տարիներ»ը, երբ տուներուն մէջ լոյսն ու ջերմութիւնը դարձան շքեղութիւն, իսկ պատերազմի ծանրութիւնը հասաւ ընտանիքներու առօրեային։ 1990-ականներու սկիզբին տնտեսութիւնը կտրուկ կերպով անկում ապրեցաւ, աղքատութիւնը տարածուեցաւ, աշխատանքային հնարաւորութիւնները նուազեցան, եւ հարիւր հազարաւոր մարդիկ հեռացան բնօրրանէն՝ իրենց ընտանիքներուն ապրուստը ապահովելու եւ աւելի արժանապատիւ կեանք մը որոնելու համար։
Եւ այդ ամէնը անկախ Հայաստանի առաջին տարիներուն միայն մէկ կողմն էր։
Պատերազմը, սահմանային անորոշութիւնը, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները, արտագաղթը, ներքաղաքական ցնցումները, նոր պատերազմները եւ մարդկային կորուստները տարբեր փուլերով շարունակեցին իրենց ազդեցութիւնը ունենալ Հայաստանի հասարակութեան վրայ։ Անկախութեան ճանապարհը եղաւ նաեւ յաղթանակներու եւ պարտութիւններու, վերականգնումի եւ նոր ճգնաժամերու, հաւատքի ու յուսախաբութեան ճանապարհ մը։
Բայց Մայր Հայաստանը մնաց կանգուն։
Եւ այսօր՝ 21 Սեպտեմբերին, երբ կը խօսինք Հայաստանի Անկախութեան մասին, կարեւոր է յիշել ոչ միայն 1991-ի պատմական օրը, այլեւ այդ օրուընէ ի վեր անցած ամբողջ ճանապարհը։ Որովհետեւ անկախութիւնը մեզի չտրուեցաւ «պատրաստի» վիճակի մը մէջ. անիկա ամէն օր կառուցուեցաւ, պաշտպանուեցաւ, փորձութեան ենթարկուեցաւ եւ կրկին վերականգնուեցաւ։
Այսօր հարցը միայն այն չէ, թէ ինչպէ՛ս հասանք անկախութեան։ Հարցը նաեւ այն է, թէ ի՞նչ Հայաստան կառուցեցինք այդ անկախութեան 35 տարիներուն ընթացքին եւ ի՞նչ Հայաստան կը ցանկանք թողուլ գալիք սերունդներուն։
21 Սեպտեմբերը Հայաստանի համար միայն պետական տօն մը չէ։ Ան նաեւ այն մեծ երազին յիշողութիւնն է, որ տասնամեակներ շարունակ ապրեցաւ հայ ժողովուրդի տարբեր սերունդներուն մէջ եւ ի վերջոյ դարձաւ պետական իրականութիւն։
Այս առումով ալ, ինչպէս տարբեր կարեւոր առիթներու պարագային, ժամանակը կը ստիպէ վերադառնալ այն օրերուն, երբ անկախութիւնը տակաւին նպատակ էր, ոչ թէ առօրեայ իրականութիւն։ Այն ժամանակ անկախ Հայաստան մը շատերու համար հեռաւոր ու դժուար պատկերացում էր։ Սակայն հաւատքը, որ հայ ժողովուրդը կրնայ ունենալ իր ինքնիշխան պետութիւնը, վերածուեցաւ քաղաքական կամքի եւ հասարակական պայքարի։
Խորհրդային Հայաստանի մէջ իրենց աչքերը բացած հայորդիներուն համար (խօսքը Հայութեան եւ Հայաստանի «ապրող օրակարգ»ով ապրողներուն մասին է անշուշտ) անկախութիւնը սոսկ Խորհրդային համակարգէն դուրս գալու գաղափար մը չէր։ Անիկա սեփական ճակատագիրը որոշելու, սեփական պետութիւնը կառուցելու եւ սեփական ապագային պատասխանատու ըլլալու համոզում էր։
Ինչ կը վերաբերի Սփիւռքին, ապա Խորհրդային Հայաստանի համապատկերը եւ գոյութեան փաստը սփիւռքահայ զանգուածներուն կողմէ ընդունուեցաւ ամենատարբեր մօտեցումներով։
Շատեր իրենց կապը ամուր պահեցին ու խմեցին Հայաստանի ջուրէն, ապրեցան անոր արեւով,նոյնիսկ ԲՈՒՀ-երուն մէջ ուսում ստանալու համար եկան Հայաստան, իսկ շատ-շատեր կամայ թէ ակամայ կերպով անտեսեցին, կամ իրենց ամէնօրեայ ապրումներէն որոշ չափով հեռու պահեցին «Սովետական Հայաստան» երկիրը, անոր «աշխարհագրութիւն»ը, ինչպէս նաեւ այդ երկրի քաղաքական կեցուածքը, ընկերային ընկալումները կամ նոյնիսկ կենցաղն ու միջավայրը։
Հաւանաբար միակ թելը, որ կապեց Սփիւռքի այդ զանգուածները Սովետական Հայաստանին, եղաւ Հայց. Առաքելական Սուրբ Եկեղեցին, որ հակառակ բազմապիսի ճնշումներու ու «Երկաթեայ վարագոյր»ի ազդեցութեան, դարձաւ փրկութեան լաստ, որ կրօնական հաւատամքի եւ քրիստոնէական ընկալումներու կողքին ցոյց տուաւ ինքնութեան ճանապարհ մը, որ աշխարհացրիւ Հայութիւնը կը վերադարձնէր իր արմատներուն ու էութեան։
Այս բոլորը նշելէ անդին, հարկ է արձանագրել, որ այսօր այդ անկախութիւնը փաստ է։ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի իր պետական դրօշը, սահմանները, պետական հաստատութիւնները եւ միջազգային յարաբերութիւնները։ Սակայն անկախութեան իրական իմաստը կը սկսի այն կէտէն, ուր պետութիւնը ոչ միայն գոյութիւն ունի, այլ նաեւ կը գիտակցի իր որոշումներուն ամբողջ պատասխանատուութիւնը։
35 տարիներու հեռաւորութենէն դիտուած անկախութեան գաղափարը բնականաբար ուրիշ երանգ ստացած է։ Այն սերունդին համար, որ անկախ Հայաստանը կը պատկերացնէր որպէս մեծ նպատակ, այսօրուան երիտասարդին համար դարձած է ծննդավայրի բնական իրականութիւն։ Եւ հոս է անկախութեան սերունդներու միջեւ կարեւոր տարբերութիւնը. մէկը անկախութիւնը երազեց եւ կառուցեց, իսկ միւսը պարտաւոր է զայն պահել, զարգացնել եւ փոխանցել յաջորդ սերունդին։
Անկախութիւնը նաեւ մտածելակերպ է։ Պետութեան մը անկախութիւնը չի չափուիր միայն իր դրօշով կամ սահմաններով։ Անիկա կը չափուի այն կարողութեամբ, որմով ժողովուրդը կը գիտակցի իր ընտրութիւններուն, իր որոշումներուն եւ իր սխալներուն պատասխանատուութիւնը։
Այս իմաստով անկախ Հայաստանը տակաւին անցնելիք ունի երկար ճանապարհ մը։Քաղաքական, տնտեսական եւ արտաքին աշխարհին հետ յարաբերութիւններու մէջ անկախութիւնը կը պահանջէ ոչ թէ մեկուսացում, այլ սեփական շահերը հասկնալու եւ պաշտպանելու կարողութիւն։ Անկախ պետութիւնը կրնայ ունենալ դաշնակիցներ, համագործակցիլ տարբեր ուժերու հետ եւ վարել բազմակողմի քաղաքականութիւն, բայց այդ բոլորը իմաստ կը ստանան այն ժամանակ, երբ վերջնական որոշման չափանիշը Հայաստանի պետական շահն է։
Նոյնքան կարեւոր է անվտանգութեան հարցը։ Անկախութիւնը պահելը յաճախ կը պահանջէ զոհողութիւն, դիմադրութիւն եւ սահմաններու պաշտպանութիւն։ Այսօր, երբ Հայաստանի մէջ խաղաղութեան մասին խօսքը դարձած է քաղաքական եւ հասարակական օրակարգի կարեւորագոյն թեմաներէն մէկը, անկախութեան գաղափարը չի կրնար անջատուիլ անվտանգութեան եւ պետական կարողութեան հարցերէն։ Խաղաղութիւնը եւ անկախութիւնը իրարու հակադրութիւններ չեն. կայուն խաղաղութիւնը կրնայ ամրապնդել անկախ պետութիւնը, եթէ ան հիմնուած է ինքնիշխան որոշումներու եւ պետական կարողութեան վրայ։
Իսկ ամենակարեւոր հարցը թերեւս այն է, թէ ինչպէ՞ս կը վերաբերինք այն անկախութեան, որն արդէն ժառանգած ենք։
Այն սերունդը, որ անկախ Հայաստանը պատկերացուցած էր որպէս երազ, իր ուսերուն դրուած «պարտք»ը վճարեց պատմութեան մէջ։ Այսօր այդ ժառանգութիւնը ուրիշ սերունդի ձեռքերուն մէջ է։ Անկախութիւնը այլեւս միայն ձեռք բերուելիք նպատակ չէ. անիկա նաեւ պահպանելի եւ զարգացուելիք պատասխանատուութիւն է։
21 Սեպտեմբերը, հետեւաբար, պէտք է ըլլայ ոչ միայն տօնակատարութեան, այլ նաեւ արմատներուն եւ ինքնութեան վերադառնալու իսկական առիթ մը։
Փաստ է անշուշտ, որ Հայաստանի անկախութեան 35 տարիները պարզ թուականներու շարք մը, կամ խաղաղութեան մէջ ագուցուած շղթայի մը օղակները չեն։ Անոնք Մայր Հայաստանի ապրած փորձութիւններուն, կորուստներուն, յաղթանակներուն, սխալներուն եւ վերականգնումներուն պատմութիւնն են։ Անկախութիւնը մեզի «չտրուեցաւ» որպէս պարգեւ կամ նուէր, այլ՝ որպէս Հայաստան մը, որ պէտք էր ամէն օր կառուցուէր եւ պաշտպանուէր։
Միւս կողմէ, կարեւոր է արձանագրել, որ այն սերունդը, որ անկախութիւնը երազեց, իր երազը մեզի յանձնեց որպէս իրականութիւն։ Իսկ մեր պարտականութիւնն է այդ իրականութիւնը վերածել այնպիսի Հայաստանի մը, որուն մէջ ազատութիւնը, արժանապատուութիւնը, անվտանգութիւնը եւ պետականութիւնը միայն բառեր չըլլան, այլ հանդիսանան՝ առօրեայ կեանքի մաս։
Ի վերջոյ, անկախութիւնը վերջակէտ չէ։ Անիկա երկար ճանապարհի մը սկիզբն է։
Եւ 35 տարի ետք, թերեւս ամենամեծ յարգանքը անկախութեան հանդէպ այն է, որ մենք ոչ միայն տօնենք զայն, այլեւ հասկնանք անոր գինը, պահպանենք անոր արժէքը եւ պատասխանատուութեամբ մտածենք այն Հայաստանին մասին, որ պիտի փոխանցենք վաղուան գալիք սերունդներուն։
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս