image
Հրատապ լուրեր:

Հայ կաթողիկէ համայնքը՝ պետութեան եւ օրինականութեան կողքին. կարեւոր պատգամ՝ Պաապտայի պալատէն

Հայ կաթողիկէ համայնքը՝ պետութեան եւ օրինականութեան կողքին. կարեւոր պատգամ՝ Պաապտայի պալատէն

Այս հանդիպումը, ուրեմն, սովորական պաշտօնական այցելութենէ մը անդին է․ ան կը վերահաստատէ հայ կաթողիկէ համայնքի հաւատարմութիւնը Լիբանանի միասնականութեան, պետականութեան եւ օրինականութեան՝ այն համոզումով, որ երկրի փրկութիւնը կը գտնուի ոչ թէ զուգահեռ իշխանութիւններու, այլ ուժեղ, արդար եւ բոլորին պաշտպանող պետութեան մը մէջ։

Սագօ Արեան Լրագրողի էջ-էն կը կարդանք՝ 

Հայ Կաթողիկէ համայնքի մեծ  ներկայացուցչական  պատուիրակութիւն մը, գլխաւորութեամբ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքին, այցելեց Պաապտայի նախագահական Պալատ  եւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Ժոզէֆ Աունի հետ։

Ներկայիս լիբանանեան  զգայուն հանգրուանին, այս այցելութիւնը կը կրէ առանձնայատուկ նշանակութիւն եւ կարեւոր ուղերձ մը կը փոխանցէ։ Հայ Կաթողիկէ համայնքը, իր հոգեւոր առաջնորդին գլխաւորութեամբ, անգամ մը եւս կը վերահաստատէ իր հաւատարմութիւնը Լիբանանի պետութեան, օրինականութեան եւ ազգային հաստատութիւններուն՝ շեշտելով, որ երկրի ապագան պէտք է կառուցուի ուժեղ պետութեան, պետական հաստատութիւններու հեղինակութեան եւ բոլոր համայնքներու խաղաղ համակեցութեան հիման վրայ։

Լիբանանի ամէնածանր ժամանակներուն հայութիւնը եղած է օրինականութեան հաւատարիմ  եւ ճիշդ դիրքորոշում ցուցաբերած է։ Այսօրուան այցելութիւնը, հետեւաբար, պէտք է ընկալել նաեւ որպէս օրինակելի քայլ ամբողջ լիբանանահայութեան համար՝ հաստատելու, որ հայ համայնքը կը շարունակէ իր դրական ու կառուցողական դերը բերել հայրենիքի՝ Լիբանանի պետական կեանքին։

 Ի դէպ Լիբանանաի նախագահ Ժոզէֆ Աունի խօսքերը նոյնպէս կը շեշտեն այս օրակարգը։ Ան իր հիւրերուն  առջեւ  ընդգծեց, որ լիբանանցիները յոգնած են «փոքր պետութիւններէն» եւ զուգահեռ հաստատութիւններէն, իսկ երկրի ժողովուրդը այլեւս յոյսը կը կապէ միայն ուժեղ եւ կարող պետութեան մը հաստատման հետ։ Նախագահը  նաեւ յստակեցուց, որ խնդիրը կուսակցութիւններու գոյութիւնը չէ, այլ անոնց դերը՝ պետութիւնը կառուցելու եւ ոչ թէ զայն քանդելու ուղղութեամբ։

Իր կարգին, Մինասեան Կաթողիկոս Պատրիարքը ընդգծեց, թէ իրենց պարտքն է շնորհակալութիւն յայտնել Նախագահ Աունին եւ զօրավիգ կանգնիլ անոր՝ միաժամանակ քաջալերելով բոլոր հաստատութիւնները շարունակելու խաղաղութեան եւ կայունութեան ճամբան։