image
Հրատապ լուրեր:

Մենք չենք կրնար Իրանին հարուած հասցնել. Իսրայէլեան ԶԼՄ-ներ

Մենք չենք կրնար Իրանին հարուած հասցնել. Իսրայէլեան ԶԼՄ-ներ

«Իսրայէլի մէջ տեղեկութիւններ կան, որ կը դիտարկուի ռազմական տարբերակ, բայց ես կը կարծում եմ, որ Իսրայէլը դեռ չունի այդ հնարաւորութիւնը», նշելով, որ «ներկայիս ան կը կառուցէ այդ կարողութիւնները, որպէսզի լիարժէք պատրաստուած ըլլայ, եթէ որոշէ որեւէ ռազմական որոշում գործադրել»։

 

Իսրայէլեան «Channel Seven» կայքը յայտնած է, որ Նիւ Եորքի մէջ Իսրայէլի նախկին հիւպատոս Ալոն Փինքաս անդրադարձած է Վիեննայի միջուկային բանակցութիւններուն եւ ըսած է. «Իսրայէլ կը նախընտրէ համաձայնութեան գալ», նշելով որ «եթէ վատ է, մենք զայն կը քննադատենք, բայց անոր բացակայութիւնը շատ աւելի խնդրայարոյց է»։

Փինքաս նշած է, որ «եթէ մէկը կը կարծէ, թէ ամերիկացիները մեր մօտ կ'աշխատին եւ կը պատերազմին Մերձաւոր Արևելքի մէջ, այդ անձը չի հասկնար Միացեալ Նահանգները»։

Իր հերթին, Իսրայէլի ռազմական հետախուզութեան նախկին ղեկավար Էլտատ Շաֆիթ համարած է, որ «Իրանի հետ ռազմական լուծման դիմելու հնարաւորութիւնը փոքր է», յաւելելով, որ «Իրանը, ի հարկէ, շատ պիտի փորձէ համաձայնութեան հասնիլ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ»։ Շաֆիթ ըսած է. «Ես համոզուած չեմ, որ յառաջընթաց կայ Վիեննայի բանակցութիւններուն մէջ, որոնք եւրոպական երկիրները կը վարեն Իրանի հետ, հակառակ համաձայնութեան հասնելու իրանցիներու բարի կամքին»:

Ան յաւելած է. «Իսրայէլի մէջ տեղեկութիւններ կան, որ կը դիտարկուի ռազմական տարբերակ, բայց ես կը կարծում եմ, որ Իսրայէլը դեռ չունի այդ հնարաւորութիւնը», նշելով, որ «ներկայիս ան կը կառուցէ այդ կարողութիւնները, որպէսզի լիարժէք պատրաստուած ըլլայ, եթէ որոշէ որեւէ ռազմական որոշում գործադրել»։

Իսրայէլի ռազմական հետախուզութեան նախկին ղեկավարը հաստատած է, որ «ռազմական յարձակման վերաբերեալ Իսրայէլի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները պարզապէս համաշխարհային տէրութիւնները ուշադրութեան կը հրաւիրեն», յաւելելով, որ «իսրայէլեան բանակը կ'ընդլայնէ իր նախապատրաստական աշխատանքները եւ այդ շատ ժամանակ կը պահանջէ: Այս յայտարարութիւնները ճնշման ձեւ են Արեւմուտքի եւ միջազգային համակարգին վրայ, որ խորքին մէջ թերահաւատ է այս ընտրության կամ այս գաղափարին նկատմամբ»: