Հայաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի Քոմփլութընս համալսարանին մէջ բացուած է հայագիտական ամպիոն, յայտնած է կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը։
Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարի տեղակալ Արթուր Մարտիրոսեանը ներկայ գտնուած է ՀՀ պետական ֆինանսաւորմամբ Մատրիտի համալսարանին մէջ հայագիտական ամպիոնի բացման արարողութեանը եւ ատոր յաջորդած գիտաժողովին:
«Իսպանիայում հայագիտական կեդրոնի բացումը կարեւոր է մի քանի տեսանկիւնից: Իսպանիայում, ըստ վերջին տուեալների, 10 000-ից աւելի հայ է ապրում, ուստի այսպիսի մեծ հայ համայնք ունեցող երկրի համար չափազանց կարեւոր է կրթութեան շարունակականութեան ապահովումը: Կարեւոր բաղադրիչ է նաեւ հայոց լեզուի եւ հայ մշակոյթի տեսանելիութեան ապահովման խնդիրը: Համոզուած եմ՝ հայագիտական կեդրոնը երկու պետութիւնների միջեւ մշակութային երկխօսութեան եւ միջպետական համագործակցութեան ամուր կամուրջ կարող է հանդիսանալ»,- բացման արարողութեան իր ելոյթին մէջ ըսած է Արթուր Մարտիրոսեանը։
Ան նշած է, որ յառաջիկային կը նախատեսուի շարք մը ծրագրեր իրականացնել հայագիտութեան ոլորտի մէջ, մասնաւորապէս՝ Եւրոպայի մէջ բոլոր հայագիտական կեդրոններու մասնակցութեամբ պիտի կազմակերպուի համաժողով՝ քննարկելու ցանցային համագործակցութեան եւ համատեղ հետազօտութիւններ իրականացնելու բոլոր հնարաւորութիւնները:
Մատրիտի Քոմփլութընս համալսարանի հայագիտութեան յատուկ ամպիոնի տնօրէն նշանակուած է համալսարանի հայազգի դասախօս Ֆրանսիսքօ Սուրեան Էրնանտեսը։
Ամպիոնի ակադեմական աշխատանքները իրականացնելու նպատակով կը դիտարկուի ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութեան կողմէ Հայաստանէն սպաներէնի իմացութեամբ համապատասխան մասնագէտի գործուղման հնարաւորութիւնը։ 2023-ի սեպտեմբերէն ամպիոնի ուսումնական գործընթացը կազմակերպելու նպատակով հայկական կողմին առաջարկուած է կրթական ծրագիր մշակել՝ թեմատիկ բացուածքով (Հայաստանի ժամանակակից պատմութիւն, արտաքին քաղաքականութիւն, հայոց լեզու)։
«ՀՀ Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարարութիւնը հետեւողական աշխատանք է իրականացնում օտարերկրեայ պետութիւնների համալսարաններում, թանգարան-ինստիտուտներում եւ կեդրոններում հայերէնի ու հայագիտական առարկաների դասաւանդման, ինչպէս նաեւ հայագիտական հետազօտութիւնների խթանման ուղղութեամբ: Այդ քաղաքականութիւնը լինելու է շարունակական»,-ըսուած է նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ։