image

Պոլիս. Յաւարտ վերանորոգութեան վերաբացուած է Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին

Պոլիս. Յաւարտ վերանորոգութեան վերաբացուած է Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին

Պոլսոյ Պէյքօզ թաղամասի 250-ամեայ Ս. Նիկողայոս հայկական եկեղեցին, շուրջ մէկ տարի տեւած վերանորոգումէն ետք, հանդիսաւորապէս վերաբացած է իր դռները՝ վերագտնելով իր պատմական դիմագիծը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներէն պատմական եւ գեղարուեստական արժէքով առանձնայատուկ յուշարձաններէն մէկը՝ Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին, շուրջ մէկ տարի տեւողութեամբ ծաւալուն վերանորոգումէն ետք, 7 Օգոստոսին հանդիսաւորապէս պիտի վերաբանայ իր դռները։

Եկեղեցին 250 տարեկան է եւ յոբելենական թուականին ընդառաջ՝ նորոգութիւններն ու բարեզարդումները նպատակ ունին ո՛չ միայն պահպանելու 1776 թուականէն մինչեւ մեր օրեր հասած այս սրբավայրը, այլեւ վերականգնելու անոր պատմական ինքնատիպ դիմագիծը, ներառեալ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներուն մէջ եզակի՝ մարգարտախեցիով եւ կրիայակճեպով զարդարուն խորանը, ինչպէս նաեւ փայտաշէն զանգակատունը, որ վերագտած է իր պատմական տեսքը։

Վերանորոգութիւնը նաեւ խորհրդանշական արժէք մը ունի, որովհետեւ կը վերակենդանացնէ յիշողութիւնը Պէյքօզի երբեմնի ծաղկուն հայկական համայնքի, որ դարեր շարունակ կարեւոր դեր ունեցած է թաղի հոգեւոր, կրթական եւ հասարակական կեանքին մէջ։

Շաբաթավերջի վերաօծման եւ անդրանիկ Ս. Պատարագի առիթով, «Փարոս» ամսագրի վերջին թիւին մէջ լրագրող Պէրքէն Տէօնէր ստորագրած է ուշագրաւ ուսումնասիրական յօդուած մը՝ ներկայացնելով Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ պատմութիւնը, վերանորոգութեան աշխատանքները եւ եկեղեցւոյ տեղը՝ Պէյքօզի բազմամշակութային անցեալին մէջ։

Ստորեւ, թարգմանաբար, կը ներկայացնենք այդ յօդուածին ամէնէն ուշագրաւ հատուածները։ 

* Պէյքօզի հայկական թաղն ու անոր ժառանգութիւնը։

Յօդուածագիրը կը յիշեցնէ, թէ հայերու ներկայութիւնը Պէյքօզի մէջ կ'երթայ մինչեւ 17րդ դարու կէսերը։ Ֆիտանլըքէն մինչեւ Էօնչէշմէլեր հատուածը երկար տարիներ ճանչցուած է որպէս «Հայկական թաղ», մինչ շրջանը իւրայատուկ էր հայ, յոյն եւ թուրք բնակչութեան համակեցութեամբ։

Եկեղեցին միայն պաշտամունքի վայր չէր։ Անոր կողքին 1836ին հիմնուած էր Նիկողոսեան վարժարանը, որ հետագային շարունակեց իր գործունէութիւնը Հայկազեան անունով ու երկար տարիներ ծառայեց տեղւոյն հայ մանուկներու կրթութեան։ Սակայն 20րդ դարու ընթացքին ժողովրդագրական փոփոխութիւններու, տնտեսական պայմաններու եւ հայկական վարժարանի փակման հետեւանքով համայնքը աստիճանաբար նօսրացաւ։ Այն թաղը, ուր ժամանակին շուրջ 400 հայկական ընտանիք կ'ապրէր, այսօր կը հաշուէ ընդամէնը քանի մը հայ բնակիչ։

* 1776էն մինչեւ մեր օրերը։ 

Ս. Նիկողայոս եկեղեցին հիմնուած է 1776ին։ Ապա,  Ստեփանոս Բ. Աղաւնի Զաքարեան Պատրիարքի օրօք, բարերար Ճանիկ Ամիրայի աջակցութեամբ վերաշինուած է եւ 1834ին վերաբացուած հաւատացեալներուն։  Տարիներու ընթացքին շէնքը բազմիցս վնասուած է երկրաշարժերէ եւ ժամանակի ազդեցութենէն, իսկ 1946ին ենթարկուած է մեծ վերանորոգութեան։ Պոլսոյ հայկական եկեղեցիներուն միջեւ առանձնայատուկ կը նկատուի իր փայտաշէն զանգակատունով, իսկ խորանը եզակի է՝ իր մարգարտախեցիով եւ կրիայակճեպով պատրաստուած զարդարանքներով, որոնք այսօր ալ կը համարուին հայկական եկեղեցական արուեստի բացառիկ նմոյշներ։

* Վերանորոգութիւն եւ բարեզարդում՝ 250ամեակին ընդառաջ։

Եկեղեցւոյ 250ամեակին ընդառաջ իրականացած աշխատանքներուն ընթացքին նորոգուած են տանիքը, ջրահեռացման համակարգը, պարտէզը, մուտքը, խորանը, վերնատունը եւ ներքին փայտաշէն բոլոր բաժինները։

Հին ծեփերը որոնք չէին համապատասխաներ պատմական կառոյցին՝ հեռացուած են, պատերուն տրուած է աւանդական տեսքը, պարտէզը բնական քարերով վերաշինուած է եւ ստեղծուած է ջրահեռացման նոր համակարգ։ Վերակազմուած է նաեւ նախապէս անտեսուած պարտէզի մէկ մասը։

Յատկանշական է, որ Խասգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցիէն 1974ին բերուած եւ աւելի քան 50 տարի գործածուած նստարանները ամբողջութեամբ նորոգուած են, իսկ հիները նուիրուած՝ Գանտիլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ։

Զանգակատունը, որ 1997ին կրաղիւսով վերաշինուած էր, այժմ փայտապատումով վերագտած է իր նախկին պատմական տեսքը, իսկ ամբողջ ելեկտրական համակարգը փոխարինուած է ժամանակակից եւ աւելի ապահով ենթակառոյցներով։

* Վարպետներու ձեռքերուն հետքերը։

Վերանորոգման ընթացքին յայտնաբերուած են նաեւ անցեալի արհեստաւորներու թողած հետքերը։ Մարգարտախեցիի վարպետ Էրհան Թանեըլտըզ, որ առաջին անգամ եկեղեցւոյ մէջ աշխատած էր 1997ին, շուրջ 30 տարի յետոյ վերադարձած է նոյն վայրը՝ շարունակելու իր կիսատ մնացած առաքելութիւնը։ Ան կը նշէ, թէ ոչ-հարազատ միջամտութիւնները հեռացուած են, որպէսզի եկեղեցին վերագտնէ իր իսկական դիմագիծը։

Յօդուածը յատուկ կերպով կը յիշատակէ նաեւ հանգուցեալ բարերար Արտաշէս Տիւղմէճեանը. ան երկար տարիներ անձնական միջոցներով վերանորոգած է հայկական եկեղեցիներ, որոնք փոքրաթիւ համայնքներ ունին։

* 1946էն մնացած յուզիչ գրութիւն մը։

1997ի վերանորոգութեան աշխատանքներու ընթացքին խորանի վերին բաժնին մէջ յայտնաբերուած է 9 Օգոստոս 1946 թուակիր ձեռագիր մը, զոր ձգած էր մարգարտախեցիի վարպետ Ներսէս Սեմէրճեան։

Արմաշ ծնած վարպետը կը գրէ, թէ 15 գիշեր եկեղեցւոյ մէջ մնացած է՝ խորանը նորոգելու համար, եւ ապագայի վարպետներուն կը պատգամէ նոյն խղճմտանքով եւ մաքրութեամբ շարունակել իրենց գործը։

Այս գրութիւնը այսօր արծաթապատ շրջանակի մէջ կը պահպանուի եկեղեցւոյ կողմէ՝ որպէս բացառիկ պատմական յիշատակ։

* Կորուսեալ ժառանգութեան վերականգնումը։

Յօդուածի հեղինակի համաձայն, եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ կան նաեւ կորուսեալ արժէքներ։ Ս. Նիկողայոսի բնօրինակ սրբապատկերը ոչնչացած է 1950ի հրդեհին ժամանակ։ Այսօր եկեղեցւոյ Թաղականութիւնը աշխատանք կը տանի հայկական եկեղեցական աւանդութեան համապատասխան նոր պատկեր մը պատրաստելու ուղղութեամբ, որպէսզի անիկա պատրաստ ըլլայ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին՝ գալիք Նոյեմբերին։

Պէրքէն Տէօնէրի կարծիքով Պէյքօզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցին այսօր պարզապէս նորոգուած պատմական շէնք մը չէ, այլ անցեալի յիշողութեան կենդանի խորհրդանիշ մը, որ վերանորոգութենէ ու բարեզարդումէ ետք իր դռները դարձեալ կը բանայ հաւատացեալներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք կ'ուզեն մօտէն ճանչնալ քաղաքի այս բացառիկ մշակութային ժառանգութիւնը։

 

Լուսանկարներ՝ ՓԱՐՈՍ