Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտը քուէարկութեամբ հաստատած է Մարք Լիպպիի թեկնածութիւնը Ատրպէյճանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանի պաշտօնին:
Այս մասին կը տեղեկանանք ամերիկեան կողմէն։
Այս տարուան յուլիսին Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժովը հաւանութիւն տուած էր Պայտընի կողմէ առաջադրուած Լիպպիի թեկնածութեան։
Ներկայիս դեսպան Էրլ Լիցենպըրկըրի պաշտօնավարման ժամկէտն աւարտած է 2022 թուականի յուլիսին եւ արդէն մէկ տարիէ աւելի է այս պաշտօնը թափուր էր։
Լիպպին երկարամեայ դիւանագէտ է, աշխատած է Պրիւքսէլի մէջ որպէս Եւրոմիութեան մէջ Միացեալ Նահանգներու առաքելութեան ղեկավարի օգնական եւ գործերու ժամանակաւոր հաւատարմատար, խորհրդական եղած է նաեւ Վարշաւայի, Նասաուի, Նիկոսիոյ եւ Պաղտատի ամերիկեան դեսպանութիւններուն մէջ, բարձր պաշտօններ զբաղցուցած է Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ։ Ան առաջին անգամ ըլլալով կը նշանակուի դեսպանի պաշտօնին։
Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ յունիսին կայացած լսումներու ժամանակ, անդրադառնալով ղարաբաղեան խնդրին, ան յայտարարած էր՝ «հաստատուելու պարագային կը շարունակեմ Միացեալ Նահանգներու ջանքերն՝ ուղղուած խաղաղութեան համաձայնութեան»։