Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդը միաձայնութեամբ գաւառին Տարեցներու եւ անկարութիւններ ունեցողներու բաժանմունքին վարիչ նշանակեց այդ ոլորտի վաստակաւոր մասնագէտներէն Մարալ Գարակէօզեանը, որ կը հանդիսանայ գաւառի բաժանմունքի մը առաջին հայ վարիչը:
Գարակէօզեան առաւել քան երկու տասնամեակներու փորձառութիւն ունի այս մարզին մէջ եւ անդամ է այդ հարցերը հետապնդող գաւառային յանձնաժողովին:
Այս առիթով, Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Հիլտա Սոլիս դրուատեց գաւառի տարեցներուն, մանուկներուն եւ անկարներուն կեանքի պայմանները բարելաւելու նպատակով Գարակէօզեանի երկար տարիներու սպասարկութիւնները
Գարակէօզեան, որ մասնագիտացած է UCLA եւ USC համալսարաններուն մէջ՝ իրեն համար պատիւ համարեց այս նշանակումը, յոյժ կենսական նկատելով բաժանմունքին տրամադրած սպասարկութիւնները: